ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ներկայիս, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ գլխաւոր մարտահրաւէր մը, որ կը կոչուի՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹ, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ այդ մարտահրաւէրը ՄԻԱԿն է, այնքան ատեն որ կը սպառնայ հայրենիքի գոյութեան։
Այս փշոտ թղթածրարը ահաւոր դարձած է, յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ետք, այսօր հասնելով խիստ մտահոգիչ սահմաններու, առանց դոյզն «ձիւնհալ»ի նշաններ ցոյց տալու։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, արտագաղթի երեւոյթը նոր չէ, միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, արտաքին թէ ներքին բազմագոյն ու բազմատեսակ պատճառներով, որոնք երբեմն կրնան բացատրելի կամ ընդունելի ըլլալ, երբեմն ալ՝ դատապարտելի կամ մերժելի։
Ի տես այս երեւոյթին, այն տպաւորութիւնը սկսած էր ձեւաւորուելու, ապա՝ հիմնաւորուելու, թէ հայ ժողովուրդը «անթացուպ»ի ծնունդ է, այլ խօսքով՝ անթացուպը իր անբաժան մասնիկն է, հետեւաբար, ամէն անգամ որ Երկիրը կ՛ենթարկուի ցնցումի ու տեղաշարժի, դրան ետեւ կամ պահարանին մէջ զետեղուած անթացուպը կամ ձեռնափայտը դուրս կը բերուի եւ ժամանակաւոր կամ մնայուն պանդխտութեան ու տեղափոխութեան երթը կը սկսի։
Տխուր ճակատագիր, արդարե՛ւ, որուն պատճառով ալ հայրենասիրութիւն լայնահունչ բառ-հասկացողութիւնը միշտ այրող ու յուզող եղած է՝ ակամայ չուողին, բախտ որոնողին կամ բռնագաղթող զանգուածին համար։
Այսպէս շարունակուեցաւ հայրենիքէն արտահոսքը, տեղ մը՝ Արեւմտեան Հայաստանի զաւթումով, ուրիշ տեղ մը՝ Արեւելեան Հայաստանի պարպումով, երկու պարագաներուն ալ, սակայն, հայրենասիրութիւնն ու հայրենապահպանումը մնալով առկայծ, թէկուզ մօտաւոր թէ հեռաւոր ափերէ։
Այսօրուան արտագաղթը կամ հայրենաթողութիւնը ուրիշ պատուհաս մըն է… անկախ հայրենիքէն, երբ ճիշդ հակառակը պիտի ըլլար, նախ՝ հայրենաբնակը կառչած մնալու իր օճախին, ապա՝ սփիւռքահայը վերադառնալու իր «մնացորդաց» հայրենիքը։
Դժբախտաբար, այս առումով, անկախութիւնը բերաւ ազատութեան… ազատութիւնը, անթացուպը կենդանացնելու, զայն հրապարակ հանելու՝ իր գործածութեան չափազանցութեամբ ու սանձարձակութեամբ։
Հետաքրքրական է, որ արտագաղթը միայն հայրենիքէն չէ որ կ՛ըլլայ, այլ նաեւ՝ Սփիւռքէն, գաղութէ գաղութ, ամէն անգամ որ տեղայնական քաղաքական-ապահովական շարժ մը կը սկսի կամ տնտեսական-ընկերային տագնապ մը կը ստեղծուի, դարձեալ անթացուպին գործածութիւնը դարձնելով կիրարկելի։
Ասիկա կը յիշեցնէ մեզի այն օրինակը, որ ատենին, հրապարակագրութեամբ մը յայտնած էինք, ուր կ՛ըսէինք, թէ արեւմտահայը իր բնօրրանէն տարագրուելով, սփռուեցաւ ամէնուրեք, մեծ մասը Տէր Զօրէն անցնելով Հալէպ, ուր կայք հաստատեց, սակայն, յիսունական թուականներուն, մեծ թիւով հայեր տեղափոխուեցան Լիբանան, յաճախակի յեղաշրջումներէն խուսափելու համար, իսկ երբ սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, այդ նոյնները (նաեւ ուրիշներ), վերստին դիմեցին անթացուպին, գաղթելով տարբեր ցամաքամասեր, ուր շատեր ալ իրենց վերջալոյսը ապրեցան։
Կասկած չկայ, որ Սփիւռքի պարագային՝ այս կեդրոնախուսութիւնը (կամ հայախուսութի՞ւնը) կամայական ու քէֆական չէր, այլ՝ շատ յաճախ, ստիպողական ու հարկադրողական, բայց այդ «ոստում»ները չեն դադրիր հաստատելէ, թէ հայ ժողովուրդին մօտ անթացուպային հոգաբանութիւնը ամուր եւ անխախտ արմատներ նետած է ու կարելի չէ զայն թօթափել կամ անկէ հրաժարիլ։
Այդուհանդերձ, այժմ երբ կը խօսուի Հայաստանէն արտագաղթի մասին, իր սահմռկեցուցիչ թափով ու մղումով, հոս է որ զգաստութեան պահը ինքզինք կը պարտադրէ, «ուշացած, բայց ոչ ուշ»ի տրամաբանութեամբ։
Համազգային այս գերխնդիրի արծարծումը, ներկայ հանգրուանով ու զարգացումով, շատ յաճախ իր արձագանգը կը ստանայ սփիւռքեան հրապարակագրութեան մէջ, առանց «զսպուածութեան» նշոյլ մը տեսնելու, պարզապէս անոր համար, որ հայրենի պատկան իշխանութիւնները զայն կը նկատեն բնական (՞), ինչ որ ցոյց կու տայ ոճրային վերաբերում մը անոր նկատմամբ։
Եթէ նախկին նախագահ մը, արտագաղթով մտահոգուածներուն դիտել տուած է, թէ ատիկա այդքան ալ պէտք չէ տագնապեցնէ (գէթ) Սփիւռքը, որովհետեւ ամէն ոք կրնայ իր ուզած տեղը գաղթել ու հոն բնակութիւն հաստատել, պայմանաւ որ յաճախ այցելէ հայրենիք ու… վայելէ զայն, հոգ չէ թէ շուրջ… կէս միլիոն բնակչութիւն մնայ Հայաստանի մէջ։
Այժմու վարչապետը յայտարարած է, որ ինչո՞ւ զարմանք կը յայտնուի, այնքան ատեն որ Հայաստանը միակ երկիրը չէ, ուր արտագաղթ կայ։
Ահաւասիկ պատասխանատուներու անպատասխանատու կարգ մը արտառոց միտքեր, համազգային աղէտի մը դիմաց, որ հայաթափութիւն է, մէկը Հայաստանը նմանցնելով «պանդոկ»ի, ուրիշ մը այդ հոսքը համարելով «սովորական», առանց լուրջ ու պետականավայել կարգով ու խորութեամբ զայն քննելու, հասնելու համար բարւոք արդիւնքներու։
Արդեօք պետական այրերը, որոնք կը յաւակնին ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան «արթուն պահակ»ները, հարց տուա՞ծ են, թէ ինչո՞ւ իրենց քաղաքացիները, շարունակուող աճով, կը դիմեն Ամերիկա արտագաղթելու փորձութեան, իրենց բախտը փնտռելով «green card»ի վիճակախաղին մէջ։
Ըստ ամերիկեան պաշտօնական տուեալներուն՝ միայն 2013ին, 97,679 հայ դիմած է այդ վիճակախաղին եւ 1174ին… բախտը ժպտացած է հանգրուանելու Քոլոմպոսի դրախտավայրը։
Հարցը այն է, որ 2010ին 62,051 հոգի դիմած է, 2011ին՝ 72.876, 2012ին՝ 92.352, 2013ին՝ 97.679, ցոյց տալով թուաքանակի յարաճուն ցուցանիշ մը, վստահաբար յառաջիկայ տարիներուն, հերթագրուողներու շարանը նոր յաւելում մը կրելով։
Ասիկա ընդհանրացած աղէտին մէկ պատկերն է միայն, որովհետեւ երկիրը լքողներու աճը խելակորոյս բնոյթ ստացած է, առանց արգելակում մը կամ դարմանում մը գտնելու անոր։
Դասակարգային վիհը, որ կը գտնուի վերնախաւին ու հասարակութեան միջեւ, տնտեսական ոչ գոհացուցիչ պայմանները, գործազրկութեան համատարածութիւնը, անարդարութեան խախտած չափանիշները կը մղեն յուսաբեկութեան ու հիասթափութեան, ատոնցմէ ալ… փախուստ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ակնթարթային պոռթկումով, որովհետեւ միշտ չէ որ հեռացողները իրենց երազը կը գտնեն հոն։
Իսկ ամէնէն ահաւորը այն է, երբ հեռացողներուն մէջ կան բարեկեցիկներ, ինքնաբաւեր, նոյնիսկ հարուստներ, որոնք կը մեկնին այլուր, որովհետեւ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ չունին ներկայ թէ գալիք իշխանաւորներուն վրայ եւ չեն ուզեր իրենց զաւակները պահել այդ թանձր մթնոլորտին մէջ։
Այս ու բազմակուտակ հիմնահարցերը, որոնք Հայաստանը կը վտիտացնեն կամ կը ծերացնեն, մտածել չե՞ն տար, պէտք չէ՞ տան պատասխանատուներուն, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Հայաստանին, երբ «կարաւանները» կ՛ուղղուին արտերկիր, մինչդեռ ակնկալուածը ճիշդ հակառակը պիտի ըլլար։
Եթէ Արեւմտեան Հայաստանը պարպուեցաւ իր բնակչութենէն, պարպեցի՛ն, ապա, ի՞նչ բանը կ՛արդարացնէ այսօրուան Հայաստանէն քառասմբակ փախուստ, զայն որո՞ւ ձգելու՝ իշխող դասակարգի՞ն, տիրող կուսակցութեա՞ն, գործող քաղքենիութեա՞ն։
Հայաստանը Սփիւռք չէ, Հայաստանը հող ու ոգի է, ի հակադրութիւն Սփիւռքին, որ ծննդավայր է, հպատակութիւն, հետեւաբար, բացարձակապէս ընդունելի չէ այն վարկածը, որ ամէն տեղ կայ արտագաղթ, ուրեմն, նաեւ մեր Հայաստանի մէջ կայ։ Անլուրջ, անպատասխանատու եւ անիրատես մտածում մըն է ասիկա։
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, որ իր հինգերորդ տարին բոլորեց, եթէ իսկական նախաձեռնութեան մը պիտի դիմէ, ատիկա միակ օրակարգով մը հանդէս գալն է, կազմակերպելով համահայկական (կամ համազգային) խորհրդաժողով մը, արտագաղթի երեւոյթը քննարկելով ու վերլուծելով, ուսումնասիրելով ու ախտաճանաչելով, առարկայական տուեալներով, գիտական մօտեցումով, շօշափելի նախադրեալներով ու մասնագիտական հիմունքներով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայրենի ու սփիւռքահայ օրէնսգէտներ, տնտեսագէտներ, քաղաքացիագէտներ, փորձագէտներ, դիւանագէտներ, տեսագէտներ եւ այլն։
Սփիւռքի նախարարութեան գերագոյն նշանակէտը պէտք է ըլլայ այս օրակարգը, անշուշտ, համապատասխան կողմերու մասնակցութեամբ, փոխանակ իր ճիգերը սպառելու տեսակաւոր համագումարներու վրայ, որոնք ո՛չ մէկ նշանակութիւն կրնան ունենալ, եթէ Հայաստանը պիտի դատարկուի, լաւագոյն պարագային պիտի դառնայ… զբօսաշրջիկային երկիր մը, որմէ օգտուող պիտի ըլլան Հայաստանի կամ Սփիւռքի մենաշնորհեալները։
Ցաւալի է, որ այս հաստափոր թղթածրարը թողլքուած է իր ինքնահոսին, ո՛չ արգելակող կայ, ո՛չ զսպող, հետեւապէս, ո՛չ յուսադրող, ո՛չ բարեկարգող, զայն նետելով անորոշութեան գիրկը։
Միակ լուծումը, համոզուած պէտք է ըլլալ, արտագաղթը՝ իր բոլոր կողմերով, լուսարձակի տակ առնելն է, անյետաձգելիօրէն ու հրամայականօրէն, զայն պահելով մնայուն ու միակ համահայկական-համապետական գերագոյն հաւաքի մը ծիրէն ներս, այլապէս հայաթափումը նոր եւ անկանխատեսելի իր աւերները պիտի գործէ։
Աւելին՝ չմոռնա՛լ, պանդխտային անթացուպերը ու ձեռնափայտերը չեն նետուած ու փճացուած, այլ՝ տեղ մը պահ դրուած են, իսկ ատոնք միթէ՞ տեսանելի չեն։
Նոր տարեշրջանը, 2014, հաւանաբար պէտք է ըլլայ՝ արտագաղթը կասեցնելու միջոցներ գտնելու անկիւնադարձային տարի մը, գէթ ժամանակի ընթացքին, բայց ամրօրէն զայն դնելու իր առողջացեալ հունին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Հարգելի հայրենակիցներ, սփյուռքի մեր հարազատներ. ՈՒրախ եմ, որ Համայակական խորհրդաժողովը մտահոգություն է հայտնում Հայաստանում տեղի ունեցող արտագաղթի կապակցությամբ: Սակայն զարմանալիորեն շրջանցում է արտագաղթի բուն պատճառները: Հայը այն քիչ ազգերից է, որ ինքնակամ չի թողնի իր տունը, ծնողների գերեզմանը, հայրենիքը ու բռնի հեռուների ճամփան: Հարգելիներս ես մեղադրում եմ Ձեզ այն բանի համար, որ Դուք խիստ կեցվածք չեք ընդունում և հաշվետվություն չեք պահանջում երկրի իշխանավորներից իրենց կողմից իրականացվող ազգադավ քաղաքականության համար: Չէ, որ սա նաև Ձեր հայրենիքն է: Չեք պահանջում կաթողիկոսից թողնի իր բիզնեսները և զբաղվի կարևորագուն աշխատանքով՝ այն է իր ժողովրդին համախմբի, քարոզի Հայաստանի ապագայի համար: Սփյուռքի նախարարությունը ոչ թե մտածի ինչ ճանապարհներով գումարներ գրպանի սփյուռքից, այլ իրական ծրագիր ներկայացնի հայրենադարձության վերաբերյալ: Ոստիկանությունը ոչ թե մարդասպան-հանցագործներին ազատ արձակի ու ազատ մտքի տեր մարդկանց ձեռբակալի, ոչ թե վարչապետը մեր հսկա հիմնարկները սննկացնի, ոչ թե նախագահը տանուլ տա հայրենիքի անկախությունը և կոռուպցիային ու օլիգարխիային լիազորություններով օծի: Մեղադրում եմ Ձեզ Ձեր զբոսաշրջիկի կեցվածքի և նման իշխանություններից պարգևներ ստանալու մեջ: Ինչպես մենք հայաստանցիներս, այնպես էլ Դուք մեղքի չափաբաժինն ունենք, որ հասել ենք սարսափելի իրականության՝ այն է արտագաղթին: