
ՍԻՄՖԵՐՈՓՈԼ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մարտ 17ին, Խրիմի իշխանութիւնները իրենք զիրենք Ուքրանիայէն պաշտօնապէս անկախ հռչակեցին ու Մոսկուայէն խնդրեցին, որ շրջանը Ռուսիոյ միացնելու Խրիմի ժողովուրդին դիմումը վաւերացնէ, մինչ Խրիմի խորհրդարանէն խումբ մը երեսփոխաններ Մոսկուա մեկնեցան՝ Ռուսիոյ միանալու գործնական քայլերը քննելու նպատակով:
Խրիմի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարեցին, թէ Խրիմի սահմաններէն ներս գտնուող Ուքրանիոյ պետական բոլոր ստացուածքը պիտի ազգայնացուի, եւ թէ Խրիմի մէջ Կեդրոնական դրամատուն մը հաստատելու աշխատանքը արդէն իսկ կը սկսի:
Խրիմի ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ Կիրակի օր կայացած՝ Ռուսիոյ միանալու կամ Ուքրանիոյ կազմին մէջ ինքնավար շրջան մնալու շուրջ հանրաքուէի մասնակիցներուն 96.6 առ հարիւրը արտայայտուած է ի նպաստ Ռուսիոյ միացման: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է աւելի քան 82 առ հարիւր, իսկ Խրիմի թաթարները պոյքոթի ենթարկած են հանրաքուէն:
Սպիտակ տունը եւ Եւրոմիութիւնը մերժեցին հանրաքուէին արդիւնքները: Ուաշինկթըն պնդեց, թէ «այն, ինչ Ռուսիան կ՛ընէ, վտանգաւոր է եւ շրջանի ապահովութիւնը կ՛ապակայունացնէ: Մոսկուա Խրիմի մէջ իր զինուորական միջամտութեան եւ միջազգային օրէնքը խախտելուն գինը պիտի վճարէ»:
Ուաշինկթըն Երկուշաբթի օր պատժամիջոցներ որդեգրեց 11 ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու դէմ, իսկ Եւրոմիութիւնը՝ 21 ռուս պաշտօնատարաներու: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ մտավախութիւն յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ պատճառով Ռուսիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ Պաղ պատերազմի տարիներու կացութիւնը կրնայ ստեղծուիլ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները պէտք է քննեն երկիրը դաշնակցային դրութեամբ կառավարելու կարելիութիւնը, որպէսզի անոր տարբեր շրջանները յաւելեալ իրաւասութիւններ ունենան՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանները ռուսամէտ են, իսկ արեւմտեան շրջանները կը փափաքին Եւրոմիութեան հետ կապերը սերտացնել:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Խրիմի հարցով Ռուսիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Երեքշաբթի օր:
Ուքրանիոյ խորհրդարանը, որ անցնող շաբաթավերջին լուծարած էր Խրիմի խորհրդարանը, Երկուշաբթի օր վաւերացուց զինեալ ուժերը մասնակի զինակոչի ենթարկելու որոշումը եւ կոչ ըրաւ ՆԱԹՕին, որ ինքնապաշտպանութեան զէնքեր տրամադրէ:
Իր կարգին, ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտացնելու Ուքրանիոյ զինուորական ուժերուն հետ կապերը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս յայտարարեց, թէ Թուրքիա Խրիմի հարցին մէջ պիտի գործէ ՆԱԹՕի հետ համատեղ:
Իսկ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ իշխանութիւնները ողջունեցին Խրիմի հանրաքուէի արդիւնքը: