
Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի կայքէն կ՛իմանանք, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ամերիկեան համալսարանի խումբը, որուն մաս կը կազմէ համալսարանի երրորդ դասարանի ուսանող Օսթին Պօղոսեան Քերըլ, շրջանային «Փեթիըթ Լիկ» մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացած է՝ աւարտական մրցումին ընթացքին պարտութեան մատնելով Պոսթընի համալսարանի կազմը:
Այս յաղթանակին շնորհիւ, խումբը պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի համալսարանական ախոյեանութեան: