
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկեան հայկական ծաղկասայլի (float) ընկերութիւնը (AARFA) կը տեղեկացնէ, թէ ընդունուած է մասնակցելու Ծաղիկներու 126րդ տողանցքին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 1, 2015ին, յոյս յայտնելով, որ շնորհիւ ընկերութեան անդամներուն եւ անոր թիկունք կանգնողներուն, ծաղկասայլը ներկայացնելու ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի:
Աշխարհահռչակ Ծաղիկներու տողանցքը սկսած էր Փասատինայի «Վելի Հանթ» ակումբին կողմէ, 1890ին, եւ անոր ընթացքին կը ներկայացուին ծաղիկներով պատրաստուած կառքեր:
2015ի տողանցքին նիւթը «Ներշնչող Պատմութիւններ» է. AARFA-ը շեշտը պիտի դնէ Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման մէջ ամերիկահայ գաղութի ներդրումներուն վրայ:
«Ծաղկասայլը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի հայերուն: Հարիւր տարի առաջ, Ծաղիկներու տողանցքը ընտրած էր ամերիկահայ մը՝ պր. Փաշեանը, որպէս գլխաւոր առաջնորդ (Grand Marshall), եւ այսօր, ամերիկահայութիւնը վերջապէս պիտի մասնակցի իր անձնական ծաղկասայլով: Մեր յոյսն է, որ աշխարհատարած հայ համայնքները աջակցին այս ծաղկասայլի յաջողութեան եւ օգնեն ամերիկահայ գաղութի ներշնչող պատմութիւնները տարածելուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://aarfa.org կայքը: