ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը համատեղ նուէր պատրաստած են Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի համար:
Քաղաքապետարանին համաձայն՝ մայիսեան տօներէն ետք Ստեփանակերտ պիտի տեղափոխուին չորս քանդակները, որոնք այս օրերուն կը քանդակուին քոլեճի մեծ դասարանի ուսանողներուն կողմէ: Քանդակները պիտի տեղադրուին Ստեփանակերտի պուրակներուն մէջ:
Քանդակները կնոջ ուրուագիծեր կը կրեն՝ ազգային նախշազարդ լուծումներով:
«Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին առաջարկեցինք Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից քանդակներ նուիրել Ստեփանակերտին: Քաղաքապետը հաճոյքով ստանձնեց այդ պատասխանատուութիւնը, ապահովեց քարերով: Քանի որ Ստեփանակերտը սպիտակ քաղաք է, որպէս գունային լուծում ընտրեցինք կարմիր տուֆը: Ներկայացուած 10 էսքիզներից ընտրել ենք 4 լաւագոյնները՝ քաղաքային միջավայրին, մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտին բովանդակային առումով լրացնող թեմատիկայով», տեղեկացուցած է Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճի տնօրէն Աննա Մնացականեան-Առուշանեանը:
Ուսանող քանդակագործներուն համաձայն՝ գործի սկսած են մեծ սիրով, քանի որ մեծ պատիւ է, որ իրենց ստեղծագործութիւնները տեղադրուին Արցախի մայրաքաղաքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.