
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս յօդուածին նպատակն է դասեր քաղել Սուրիոյ Քեսապ հայկական քաղաքին վրայ վերջերս կատարուած յարձակումներէն:
Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ձեռնարկեց երկու յանդուգն քայլերու. նախ՝ փակեց Թուրքիոյ մէջ 12 միլիոն անդամ ունեցող «Թուիթըր» հասարակական լրատուական կայքը՝ իր եւ իր ներքին շրջապատի կաշառակերութեան մասին բացայայտումները քողարկելու համար, երկրորդ՝ աջակցեցաւ եւ հրահրեց ժիհատական զինեալներու ներխուժումին Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող, Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ քաղաքին վրայ:
Ի՞նչ ընդհանուր բան կրնար ըլլալ այս՝ իրարու հետ կապ չունեցող երկու իրադարձութիւններուն միջեւ:
Էրտողան անձամբ անուղղակիօրէն պատասխանեց այս հարցին Մարտ 20ի քարոզարշաւի հանրահաւաքին ընթացքին. «Մենք կը վերացնենք «Թուիթըր»ը: Զիս չի հետաքրքրեր, թէ միջազգային հանրութիւնը ի՛նչ պիտի ըսէ: Բոլորը պիտի տեսնեն Թուրքիոյ Հանրապետութեան ուժը»:
Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ վարչապետը չի մտահոգեր, որ ինք պիտի քննադատուի խօսքի ազատութեան ժողովրդավարական սկզբունքը ոտնահարելուն եւ իբրեւ բռնակալ խուլիկան հանդէս գալուն համար: Ան կ՛ըսէ եւ կ՛ընէ այն ամէն ինչը որ, իր կարծիքով, կը բխի Թուրքիոյ կամ իր սեփական շահերէն:
Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու հակազդեցութիւնը Էրտողանի համացանցային ճն-շումներուն հանդէպ սին խօսքերէն այն կողմ չանցաւ: Միաց- եալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սամանթա Փաուըր իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ գրեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Խորապէս մտահոգիչ է, որ Թուրքիան փակած է «Թուիթըր»ը: Տեղեկատուութեան հասանելիութեան արգելափակումը անհամատեղելի է ժողովրդավարութեան հետ. աջակցեցէք զայն վերաբանալու քաղաքացիներու պահանջին»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու գծով օգնական, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի նախկին գործադիր-խմբագիր Տուկլաս Ֆրանս, որ ստիպուած հրաժարական տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածի հրապարակման արգելափակումէն ետք, Էրտողանի հակա-«թուիթըր»եան քայլը բնութագրեց իբրեւ «21րդ դարուն գիրք այրել»: Նմանատիպ միամիտ քննադատութիւններ հնչեցին նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքիի, Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճէյ Քառնիի եւ Եւրոմիութեան հեռահաղորդակցութեան հարցերով յանձնակատար Նելլի Քրուսի կողմէ:
Արդեօք Էրտողան կը մտահոգուի՞ այս բանաւոր խարազանումներէն: Ամենեւի՛ն ոչ: Ան կ՛արհամարհէ զանոնք: Էրտողան արդէն երկու տարիով արգելափակած էր «Եու-թիւպ»ը, քանի որ կայքին վրայ տեղադրուած էին Քեմալ Աթաթուրքի հասցէին վիրաւորական տեսանիւթեր: Թուրքիոյ վարչապետը կը սպառնայ նաեւ արգիլել Դիմատետրը եւ «Եու-թիւպ»ը Մարտ 30ի ընտրութիւններէն ետք:
Ինչո՞ւ հայ ղեկավարները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, աւելի յանդուգն չեն վարուիր Էրտողանի նման, յատկապէս երբ վտանգի տակ է հայերուն գոյութիւնը: Ամենայարմար պահն է նման հարց բարձրացնելու՝ ժիհատիստներու կողմէ Քեսապ ներխուժելէ, հայերը պատանդ վերցնելէ, անոնց տուները թալանելէ եւ եկեղեցիները պղծելէ ետք:
Ցաւօք, ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն ուղղուած բազմիցս խնդրանքները՝ օգնելու հայերուն եւ սուրիացի միւս քրիստոնեաներուն, անարձագանգ կը մնան: Մարտ 24ին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այլ խիստ նամակ մը յղեց նախագահ Օպամային՝ պահանջելով Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի անյապաղ միջամտութիւնը՝ կանգնեցնելու համար Քեսապի վրայ յարձակումները: Չի թուիր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հետաքրքրուած է սուրիահայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու աղէտալի վիճակով, քանի որ Ուաշինկթըն համակուած է Պաշար Ասատի վարչակարգը տապալելով եւ կ՛անտեսէ անմեղ կեանքերու կորուստը:
Հայերը պէտք չէ բաւարարուին միայն գլուխները թափահարելով եւ բողոքելով իրարու՝ Սուրիայէն եկող ողբերգական լուրերուն մասին: Անոնք պէտք է արթննան համընդհանուր թմբիրէն եւ համարձակ քայլերու ձեռնարկեն: Պէտք է ամէնօրեայ ցոյցեր կազմակերպել ամերիկեան մեծ քաղաքներու մէջ, եւ ամերիկեան, բրիտանական, ֆրանսական, սէուտական ու թրքական դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու առջեւ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ բողոքելով անոնց կողմէ, այսպէս կոչուած, ապստամբներու զինման դէմ, որոնք կ՛առեւանգեն եւ կը սպաննեն սուրիահայերը, ի թիւս այլոց:
Պէտք է անյապաղ հանդիպումներ իրականացնել ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ պահանջելով, որ անոնք անմիջապէս դադրեցնեն բոլոր տեսակի զէնքերու մատակարարումն ու նիւթական աջակցութիւնը Սուրիոյ «ապստամբներուն»՝ մինչեւ անոնց կողմէ խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակումներու դադրեցումը:
2002 թուականին ես յօդուած գրած էի հետեւեալ վերնագիրով՝ «Հայ «Մուկը» պէտք է աւելի յաճախ մռնչայ»: Ըստ էութեան, անիկա կոչ էր աւելի համարձակ գործողութիւններու: Ես անդրադարձած էի Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայ մուկը» պատմուածքին, ուր խիզախ մուկը իր վճռական վարքագիծով կը յաջողի պաշտպանել ինքզինք՝ աւելի վայրագ գազաններէ:
Լուռ ու անտարբեր մնալը անընդունելի է, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ մեր հայրենակիցները կը կոտորուին Սուրիոյ մէջ: Երկչոտ պահուածքը միայն կը քաջալերէ հայ ժողովուրդին թշնամիները:
Հայերը պէտք է նախաձեռնող ըլլան, այլ ոչ թէ՝ արձագանգող: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին անոնք չեն կրնար լուռ ականատեսներ ըլլալ, մինչ թրքական կառավարութիւնը եւ անոր դաշնակիցները ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ձեռնամուխ կ՛ըլլան հայերու նոր բնաջնջման մը Սուրիոյ մէջ:
Հայերը պէտք է բարձրաձայնեն, բողոքեն եւ աւելի ազդեցիկ միջոցներու ձեռնարկեն իրենց հայրենակիցները պաշտպանելու համար աշխարհի չորս անկիւններուն մէջ: Անոնք պէտք է դառնան ՄՌՆՉԱՑՈՂ «մուկ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը