ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Յունուար-Փետրուարին արտադրուած գորգերուն եւ գորգեղէնի քանակը կազմած է 2013 թուականի ամբողջ ցուցանիշին 46 տոկոսը: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ Յունուար-Փետրուարին Հայաստանի մէջ արտադրուած են 12 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, ինչ որ 8.6 անգամ գերազանցած է 2013 թուականի նոյն ամիսներուն ցուցանիշը:
Աճ արձանագրուած է նաեւ գուլպայի արտադրութեան ոլորտին մէջ: Ընթացիկ տարուան առաջին երկու ամիսներուն՝ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ բաղդատելով, գուլպայի արտադրութիւնը աճած է 14.6 տոկոսով եւ կազմած 861.2 հազար զոյգ: Հիւսուածեղէնի արտադրութեան ծաւալները, սակայն, Յունուար-Փետրուարին նուազած են 45.9 տոկոսով եւ դարձած 154.8 հազար հատ:
2013 թուականին Հայաստանի մէջ արտադրուած են 26 թոն գորգեր եւ գորգեղէն, իսկ այդ տարուան Յունուար-Փետրուարին՝ 1.4 թոն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.