ԹՐԻՓՈԼԻ, «Էյ.Փի.».- Լիբանանեան բանակին կողմէ այս շաբթուան ընթացքին Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին պսակադրուեցաւ հաշտութեան համաձայնութեամբ մը, երբ քաղաքի Պապ Թըպպանէի բնակիչները Շէյխ Օմրանի անցքէն ուղղուեցան Ժապալ Մըհսեն եւ ողջագուրուեցան իրենց դրացիներուն հետ՝ յուսալով վերջակէտ մը դնել զինեալ սուր բախումներուն: Անոնք ողջունեցին բանակին կողմէ գործադրուած ապահովական ծրագիրը եւ հաստատեցին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Բանակը դիրքաւորուեցաւ նաեւ մեծամասնութեամբ ալաուիներով եւ սիւննիներով բնակեցուած այս երկու շրջանները իրարմէ բաժնող Սուրիա փողոցին մէջ, ուր օրին սուր բախումներ արձանագրուած էին: Երկու շրջաններուն բնակիչները քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեցին այդ շրջաններուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն, որոնք հետեւանք էին պետութեան անտեսումին:
Նշենք նաեւ, թէ Հինգշաբթի օր Թրիփոլիի մէջ իբրեւ գաղթական արձանագրուեցաւ Սուրիայէն փախուստ տուած քաղաքացի մը՝ հանդիսանալով Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս իբրեւ գաղթական արձանագրուած միլիոներորդ սուրիացին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.