
ԷՆՍԻՆՕ.- Երկուշաբթի, Մարտ 31ին, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանէն 16 աշակերտներ, որոնք թոռնիկներն են քեսապցիներու, ինչպէս նաեւ անգլերէնի ուսուցչուհի Անիթա Աղամանուկեան, այցելեցին քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի Սան Ֆերնանտօ հովիտի գրասենեակը, Քեսապի վերջին իրադարձութեանց առթիւ բողոքի նամակներ եւ միջամտութեան դիմում մը յանձնելու համար գրասենեակի պաշտօնէութեան:
Աշակերտներուն անունով խօսք մը արտասանելով՝ աւարտական դասարանի աշակերտ Հայկ Տէրտէրեան գրասենեակի անձնակազմին փոխանցեց աշակերտութեան ցասումը Քեսապի մէջ իսլամ ծայրայեղական զինեալներու ձեռամբ տեղի ունեցած բռնարարաքներուն եւ հայութեան տեղահանութեան կապակցութեամբ՝ մատնանշելով Թուրքիոյ դերակատարութիւնը այդ իրադարձութեանց մէջ:
Աշակերտներու նամակին կ՛ընկերանար նաեւ տնօրէն Ժան Գոսագեանի նամակը, ուր ան քոնկրեսականին կը բացատրէր, թէ աշակերտներուն զայրոյթն ու յուսախաբութիւնը արտայայտող նամակները գրուած էին նախորդ շաբաթ Քեսապի իրադարձութեանց քննարկումին նուիրուած աշակերտական հաւաքներու ընթացքին, եւ կ՛աւելցնէր, թէ համայնքին ակնկալութիւնն է, որ Շըրմըն այս հարցով հայութեան մտահոգութիւնները փոխանցէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: