
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը, հաւատարիմ մնալով իր կրթական եւ մշակութային առաքինութեան՝ տպագրած է հայերէն լեզուով, հայկական շունչով ու պատկերներով կպչուն պիտակներ (stickers)։
Տպագրուած են 9 պիտակներ։ Անոնցմէ հինգը՝ գնահատական խօսքերով, ինչպէս՝ «Ապրիս», «Գերազանց», «Ապրիս, բացառիկ, գերազանց», «Մեծ յառաջդիմութիւն», «Հրաշալի», իսկ մնացեալը՝ ազգասիրական խօսքերով, օրինակ՝ «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք», «Հայրենիք իմ սէր», «Ես կը սիրեմ Հայաստանը» եւ «Թռչէի Հայաստան»։
Պիտակները կը կրեն Հայաստան-Արցախի քարտէսը, Արարատի, Այբուբենի, արագիլի, կռունկի, ծիրանի, նուռի, հայկական դրօշի եւ փուչիկներու պատկերներ։
Այս պիտակներէն ստանալու համար, կարելի է մասնաճիւղին հետ կապուիլ հետեւեալ ե-նամակի հասցէով՝ htglendale@yahoo.com, կամ հեռաձայնելով 818-261-8647 թիւին: