ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան պետ Տողու Փերինչեք, որ վերջերս բանտէն ազատ արձակուեցաւ՝ «Էրկենեքոն»ի հարցով 6 տարի բանտարկուած մնալէ ետք, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանէն ելոյթի մը ընթացքին նորէն արտայայտեց իւրայատուկ գաղափարներ՝ պնդելով, որ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան ներկայիս Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, ձեռքը խաղալիք դարձած է։ Քրտական հարցին մէջ Փերինչեք առաջարկեց հետեւեալը. «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը զէնքերը թող յանձնէ, անոր անդամները լեռներէն վար թող իջնեն ու բնականոն հայրենակից դառնան: Այն ատեն մենք ընդհանուր ներում հռչակենք»։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ Օճալան եւս կրնա՞յ օգտուիլ այդ ներումէն՝ Փերինչեք ըսաւ. «Օրէնքները բոլորին համար են»։ Փերինչեք աւելցուց, որ Թուրքիա ո՛չ մէկ հարց կրնայ լուծել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ բանակցելով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.