ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի, Ապրիլ 27ին դարձեալ անցուցին դժուար օր մը։
Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանի տարեդարձին առթիւ ելոյթ ունեցած ատեանի նախագահ Հաշիմ Գըլըճ, որ վերջին օրերուն կառավարութեան դէմ իր նոր դիրքորոշումով ու պաշտօնական հանդիսութիւններէն իր բացակայութեամբ խօսակցութեան նիւթ դարձած էր, թափ տուած է իր քննադատութիւններուն ու պաշտպանած է դատարանները։
Գըլըճ, որ դէմ էր կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ դատարաններուն վերաբերեալ ընդունուած արգելիչ օրէնքներուն, իր ելոյթին ընթացքին իր այս վերապահութիւնները յստակ կերպով արտայայտած է։ Զինք ունկնդրելու եկած էին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, վարչապետ Էրտողան եւ պետական աւագանին։
Մամուլը կ՛ընդգծէ, որ յատկապէս վարչապետ Էրտողան շատ անհանգիստ վիճակով հետեւած է Գըլըճի ճառախօսութեան, իսկ անոր աւարտին, առանց ծափահարելու, հեռացած է սրահէն՝ առանց մասնակցելու ընդունելութեան։
Նշենք, որ այս տարի Գըլըճի նախագահութեան վերջին տարին է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.