
ԱՍՏՂԻԿ ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Շաբաթ, Մարտ 22, 2014ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի 27րդ ամէնամեայ նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը՝ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, ուր հաւաքուած էին շուրջ 400 կանայք՝ վայելելու համար նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը, որ գարնանային եղանակին, կանանց կողմէ մեծապէս սպասուած ձեռնարկ մըն է։
Առաւօտեան, յանձնախումբի ընկերուհիները լծուած էին ժրաջան աշխատանքի, ներկայացնելու համար իրենց՝ անվերապահ եւ անսակարկ նուիրումով տարած աշխատանքի արդիւնքը։
Ժամը 11ին, հիւրանոցի նախասրահը խուռներամ բազմութիւն կար ու մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր՝ տօնական եռուզեռի պատկեր մը ներկայացնելով, իսկ հոն զետեղուած կրպակները կը ցուցադրէին որակաւոր եւ գեղեցկօրէն ներկայացուած վաճառքի առարկաներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կը սեղծէին վայելչօրէն հագուած տիկիններուն ու օրիորդներուն մօտ։
Ժամը 12ին, հիւրերը առաջնորդուեցան դէպի սրահի շքեղօրէն զարդարուած սեղանները. հոն, Արշակ Խնդիրեան արդէն իսկ ստեղծած էր խանդավառ մթնոլորտ մը՝ իր նուագով Saxophone-ի վրայ, այնուհետեւ ծրագիրը շարունակուեցաւ լատինական եւ հայկական պարերով, կատարողութեամբ «Լիլիա» պարախումբի անդամներուն։
Նորաձեւութեան յանձնախումբի ատենապետուհի Աստղիկ Թէճիրեան կատարեց բացման խօսքը՝ ըսելով. «Դուք սատար կը հանդիսանաք մեր գործունէութեանց, որոնց ծաւալը եւ տարողութիւնը օրէ օր կ՛աճի»: Այնուհետեւ, ան բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետուհին Քրիստին Յովնանեանը, վարչութեան խօսքը փոխանցելու։
Ատենապետուհի Ք. Յովնանեան ողջունեց ներկաները, ուրախութեամբ ներկայացուց հիւրերը՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, փոխատենապետուհի Գարմէն Լիպարիտեան, Նանիկ Գիւբելեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Ժասիկ Ջառահեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մեգանուշ Մելքոնեան, Կլենտէյլի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ քարտուղար Դալար Մալաքեան, ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներ տէր եւ տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ եւ Գալստեան Ընտանիքի երեք զաւակները՝ Էդիկ Գալստեան, Սետա Աղայեան եւ Այտա Նորհատեան: Ատենապետուհին ապա ներկայացուց օտար կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք սատար հանդիսացած էին ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ծրագիրներուն.
Nairi Nahabedian – President of the Glendale Board of Education.
Ramella Markarian – Associate Vice President Business Development of GAMC.
Marie Filipian – Manager Community Relations Business Development Glendale Memorial Hospital.
Alissa Asmarian President Armenian American Chamber of Commerce.
Susanna Ziaratti Vice President Wells Fargo Bank, Glendale Main Branch.
Brittany Kostka Assist. Admin. at Leisure Rehab Center.
Edna Harinski Chief Executive Officer Comm. Foundation of the Verdugos.
Ք. Յովնանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, անցեալ տարիներու հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն՝ ըսելով. «ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը 39 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ համայնքին՝ տեղական եւ արտերկրի, բարեսիրական ու մարդասիրական բեղուն գործունէութեամբ, կ՛օժանդակէ ՀՕՄի սփիւռքեան եւ հայրենական ծրագիրներու իրագործման՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ»: Ան գնահատեց Նորաձեւութեան յանձնախումբի ընկերուհիները՝ իրենց ինքնակամ եւ անսակարկ աշխատանքին համար։
Ք. Յովնանեան վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս օրուան գլխաւոր հովանաւորներուն, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց հովանաւորները՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան՝ «39 երկար տարիներու նուիրեալ, համեստ եւ օրինակելի անդամ մը ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին. հաւատարիմ իր ուխտին՝ ան ամէն առիթներով իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերած է իր սիրելի մասնաճիւղի ծրագիրներու իրագործման»:
Ատենապետուհին ապա ներկայացուց յաջորդ հովանաւորները՝ Էդիկ Գալստեան, Սետա Աղայեան եւ Այտա Նորհատեան, Գալստեան ընտանիքի երեք արժանաւոր զաւակները եւ «Gaska Alliance Foundation» հաստատութեան ժառանգորդները, որոնք հետեւելով իրենց հանգուցեալ հօր՝ ազգային բարերար Գագիկ Գալստեանի քայլերուն՝ ժառանգած են հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի կարիքներուն եւ բարգաւաճման համար սրտբացօրէն նուիրելու եւ նեցուկ կանգնելու նկարագիրը։
Ատենապետուհին եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով. «ՀՕՄը միշտ երախտապարտ է բոլոր ազգայիններուն, յատկապէս նման բարերարներու, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ՀՕՄի ծրագիրներու իրագործման եւ իրենց բարեսիրական հոգին կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ». ապա կատարուեցաւ երախտագիտական գնահատագիրներու յանձնումը, որմէ ետք հովանաւորները ներկայացուցին իրենց սրտի խօսքերը՝ շեշտելով ՀՕՄի սրբազան առաքելութիւնը եւ կոչ ուղղելով երիտասարդներուն՝ միանալու կազմակերպութեան շարքերուն։
Գնահատանքի արարողութեան յաջորդեց անհամբեր սպասուած նորաձեւութեան ցուցադրութեան ժամը. բարձր երաժշտութեան կշռոյթին հետ միասին, բարեձեւ կազմուածքով գեղուհիները սկսան տողանցելու բեմահարթակին վրայ, իրենց ծեքծեքուն քալուածքով ներկայացնելով հանրածանօթ ձեւագէտ «Լourdes Chavez»ի բարձրորակ ճաշակով հագուստներու հաւաքածոն, որ իսկապէս պասրաստուած էր վայելուչ ու դասական ոճով եւ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն՝ նրբաճաշակ տիկիներուն մօտ։ Բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ վերջ գտաւ ցուցադրութիւնը։
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի նորաձեւութեան ցուցադրութեան ձեռնարկը անգամ մը եւս պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ եւ առաւել եւս՝ գոյացաւ 48,000 տոլար կոկիկ գումար մը, որ առիթ կ՛ընծայէ իրագործելու ՀՕՄի բազմանպատակ, հայրենասիրական եւ ազգային աշխատանքները։