Ապրիլ 24ի օրը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին նուիրուած Ս. եւ անմահ պատարագ, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Այնուհետեւ ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ «Արարատ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ հայկական միութիւններու համատեղ աշխատանքով կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկը:
Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս մատուցուեցաւ անմահ պատարագ, ապա ազգային առաջնորդարանի բակէն ներս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին մօտ, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան մեր նահատակներու յիշատակին:
Տեղւոյն ակումբի սրահէն ներս, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ իրականացաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.