ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆԹՑ»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ ԵՒ ԲԻՒԶԱՆԴ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթց» հաստատութեան հիմնադիր անդամներ Բենիամին Պչաքճեանի եւ Բիւզանդ Գէորգեանի հետ ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
Իր հիմնադրութենէն չորս տարի ետք, մեծ վստահութիւն վայելող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթց»ը (ԱՌԻ) այս հանգրուանին կը ջանայ յաջողցնել բնակարանաշինութեան իր ծրագիրը, որ խթան մը պիտի հանդիսանայ վերաբնակեցնելու Քաշաթաղի ամէնէն ռազմավարական շրջանը՝ Արցախի դարպասը:
Լիբանանահայութեան եւ այլոց արդէն իսկ ծանօթ ԱՌԻն, Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով վարկերու տրամադրումին կողքին, սկսած է բնակարանաշինութեան վարկեր տրամադրելու՝ գործակցելով Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան հետ:
Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ, Աղաւնոյ գետին մօտ բնակարանաշինութեան այս ծրագիրին մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԱՌԻի հիմնադիր անդամներ Բենիամին Պչաքճեանի եւ Բիւզանդ Գէորգեանի հետ:
Անոնք նշեցին, որ արցախցիին գործ՝ հողը մշակելու եւ անասնապահութիւն կատարելու առիթ տրամադրելէ ետք, ահաւասիկ այսօր կը տրամադրուին բնակարաններ, որպէսզի մարդիկ կառչին հողին:
Բ. Գէորգեան յայտնեց, որ Արցախի մէջ բնակարաններու չգոյութիւնը հիմնական հարց է, որովհետեւ աշխատանք կայ, սակայն բնակարաններ չկան: «Հակառակ այս վիճակին՝ մարդիկ կ՛ուղղուին հոն՝ աշխատելու, սակայն պէտք է բնակարաններ շինել, որպէսզի անոնք հոն հաստատուին», ըսաւ ան:
Պչաքճեան եւ Գէորգեան ըսին, որ բնակարաններու կարիքի սուր ալիքը սկսաւ, երբ Գամիշլիէն մեծ թիւով հայեր հասան Արցախ:
Ի տես այս պահանջին՝ ԱՌԻն խորհրդակցեցաւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, եւ միասնաբար եկան այն եզրակացութեան, որ ԱՌԻն ֆինանսաւորէ այս ծրագիրը՝ երկարաժամկէտ վարկեր տրամադրելով Արցախի պետութեան, որ իր կարգին երկարաժամկէտ վարկեր պիտի տրամադրէ վերաբնակիչին: Համաձայնութիւնը գոյացաւ եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան ու ԱՌԻի միջեւ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը:
Բ. Պչաքճեան յայտնեց, որ պայմանագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք Արցախի պետութիւնը կազմակերպեց մրցանք մը, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուէր, թէ ո՛ր շինարարական կազմակերպութիւնը պիտի ստանձնէ այդ աշխատանքը:
Ան աւելցուց, որ Արցախի պետութեան միակ նախապայմանն էր, որ շինարարական կազմակերպութիւնը ըլլայ արցախեան՝ տեղական մարդուժին գործ տրամադրելու նպատակով:
Մրցանքը տեղի ունեցաւ 27 Յունուար 2014-ին՝ մասնակցութեամբ 12 շինարարական կազմակերպութիւններու: Այդ կազմակերպութիւններէն եօթն յաղթանակ արձանագրեց, եւ յիսուն բնակարաններու կառուցման աշխատանքը բաժնուեցաւ այդ եօթը շինարարական կազմակերպութիւններուն վրայ:
Յիսուն բնակարան կառուցելու այս ծրագիրը 2,700,000 տոլարի գումար կ՛ենթադրէ, իսկ եթէ այդ հաշիւին աւելնան ենթակառոյցին ծախսերը, ապա գումարը կը հասնի երեք միլիոն տոլարի, որուն 2,200,000ը ԱՌԻն պէտք է ապահովէ:
Պչաքճեան եւ Գէորգեան հաստատեցին, որ շինարարական բոլոր կազմակերպութիւնները միաժամանակ կը գործեն, աւելցնելով, որ այդ կազմակերպութիւններուն հետ Փետրուար ամսուան սկիզբը ստորագրուած պայմանագիրէն շուրջ մէկուկէս ամիս ետք, 20 Մարտին իրենք այցելած են Արցախ եւ անակնկալի մատնուած են, երբ տեսած են, թէ աշխատանքը կատարեալ լրջութեամբ սկսած է եւ մեծ թափով յառաջ գացած է, ու կառուցուելիք շրջանը իր բնակարաններով սկսած է յստակ կերպով երեւելու արդէն հեռուէն՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիէն:
Բերձորի մէջ կառուցուող գիւղին բնակարանները պիտի ըլլան առանձնատուներ եւ ոչ թէ յարկաբաժիններ: Առանձնատուները պիտի ունենան իրենց տնամերձ հողամասերը, ուր արտօնուած է միայն բանջարեղէն ցանել, սակայն՝ ոչ անասնապահութեամբ զբաղիլ:
Անասնապահութեան նպատակով գիւղէն դուրս պիտի կառուցուի համայնական գոմ:
Շինուող այդ բնակարանները երկու տեսակ են՝ միայարկանի, որ երկու ննջասենեակ ունի՝ 90 քառ. մեթր, եւ երկյարկանի, որ երեք ննջասենեակ ունի՝ 110 քառ. մեթր:
Բնակարանի միջին գումարը կը կազմէ 53 հազար տոլար, իսկ անոր ենթակառոյցի ծախսերը գինը պիտի բարձրացնեն 60 հազար տոլարի:
Կառուցուող այս գիւղը, որ պիտի կոչուի Առիաւան, պիտի գտնուի Արցախի մուտքին, վայր մը, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի բնորոշումով Արցախի դարպասն է:
Երեւանէն Ստեփանակերտ ուղղուողը անպայման Առիաւանէն պիտի անցնի եւ պիտի տեսնէ գիւղը, որուն կառուցումը ուսումնասիրուած կերպով կը կատարուի՝ տեղական պայմաններուն պահանջները պատշաճեցնելով միջազգային չափանիշներու:
«Այս բնակարանները ամառանոցներ չեն, այլ՝ վերաբնակեցման ծրագիրի յատուկ տուներ. այս մէկը ամառանոցային համալիր չէ, այլ վերաբնակեցնելու նպատակով եղած է: Հետեւաբար, ո՛վ որ տրամադիր է հաստատուելու այդ շրջանին մէջ, կրնայ ստանալ այդ տունը: Անշուշտ ան պէտք է ըլլայ քաղաքացի, պէտք է դառնայ վերաբնակիչ, գրանցուի, որ հոն պիտի մնայ, ի մտի ունենալով, որ այն վայրկեանին, երբ ան կը լքէ իր տունը, ապա կորսնցուցած կ՛ըլլայ զայն», շեշտեց Բ. Պչաքճեան:
«Բնակարան ստանալու պահանջը շատ է, եւ այդ տուներուն թեկնածուներ ապահովելու պատասխանատուն պետութիւնն է: Կը հաւատամ, որ 50 բնակարանը չէ, այլ 150 բնակարանները շուտով կարելի պիտի ըլլայ տրամադրել մարդոց, նկատի ունենալով, որ 300 ընտանիք արդէն իսկ բնակարան ստանալու պահանջ ներկայացուցած է պետութեան: Հետեւաբար, մինչեւ մէկը որոշէ երթալ, արդէն բնակարանները սպառած պիտի ըլլան, որովհետեւ գործ կայ՝ տուն չկայ», ըսաւ Բ. Գէորգեան:
Արցախի մէջ Առիաւանի շինութեան առումով ԱՌԻի պաշտօնական ներկայացուցիչն է Արարատ Ստեփանեանը, որ նախապէս Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի գլխաւոր ճարտարապետը եղած է:
Ա. Ստեփանեանի պարտականութիւնն է մօտէն հետեւիլ շինարարութեան եւ շինարարական աշխատանքներուն որակին եւ այդ իմաստով իր հաւանութիւնը տալ:
Բնակարաններու կառուցման աշխատանքին ֆինանսաւորումը կը կատարուի, երբ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը ամսական ԱՌԻին կ՛ուղարկէ կատարուած աշխատանքներու տեղեկատու մը, որուն մէջ նշուած կ՛ըլլայ, թէ ի՛նչ աշխատանք տարուած է, որքա՛ն գումարի: Այդ տեղեկատուն պէտք է նաեւ վաւերացուի Ա. Ստեփանեանին կողմէ: Միայն այդ հոլովոյթը ամբողջանալէ ետք է, որ ԱՌԻն գումարները կ՛ուղարկէ:
«Մեր այցելութեան ընթացքին նկատեցինք, որ հաւանաբար 35 բնակարանի շինութեան բաւարարող տուֆ քարերը արդէն իսկ Երեւանէն հասած են Բերձոր, եւ հրաշալի արագութեամբ աշխատանքը կ՛ընթանայ:
Շուրջ 18 բնակարաններու կմախքները՝ հիմերով եւ հիւսուած պատերով կան արդէն եւ ամէնէն ուշը մինչեւ Հոկտեմբեր արդէն իսկ 50 բնակարան կառուցուած կ՛ըլլայ», ըսաւ Բ. Գէորգեան:
«Երկու ամիս ետք դարձեալ պիտի այցելենք Լեռնային Ղարաբաղ, ուր հաստատ պիտի տեսնենք յաւելեալ աշխատանք», խանդավառութեամբ եւ անհամբեր սպասումի մէջ եղող մարդոց շեշտով ըսին Պչաքճեան եւ Գէորգեան:
Անոնք հաստատեցին, որ բնակարաններու շինութեան աշխատանքը անձամբ եւ մնայուն այցելութիւններու ընդմէջէն հետեւողական կերպով հսկելը կարեւոր է, որովհետեւ ԱՌԻի անդամ ներդրողներուն հանդէպ կայ մեծ պատասխանատուութիւն: «Ի՛նչ նպատակի համար, որ ներդրումը կատարուած է, պէտք է ճիշդ տեղը հասնի եւ ներդրողը աշխատանքին տարբեր հանգրուաններէն պէտք է տեղեակ ըլլայ», ընդգծեցին անոնք:
ԱՌԻի այս ծրագիրը ամբողջացնելու համար 150 տուն շինելու նպատակը նկատի ունենալով, Պչաքճեան եւ Գէորգեան նշեցին, որ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմանները մտահոգիչ են: «Մինչ 50 բնակարանի գումարը գոյացած է եւ աշխատանքը՝ սկսած, տակաւին կայ 100 բնակարան, որ կարիքը ունի ֆինանսաւորումի, հետեւաբար ԱՌԻն պիտի դիմէ նաեւ հայկական այլ գաղութներու», նշեցին անոնք:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի բնակի այդ բնակարաններուն մէջ, անոնք նշեցին, որ Գորիսէն եւ Ստեփանակերտէն եկող եւ Աղաւնոյ գետին վրայ կառուցուած ջրելեկտրակայաններուն մէջ գործող բանուորները, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող քաղաքացիներ ի վիճակի են նման տուն մը ունենալու եւ հոն ապրելու՝ երեք-չորս օրը անգամ մը տուն այցելելու փոխարէն:
«Պէտք է նշել նաեւ, որ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճամբան է եւ իբրեւ այդպիսին՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Պատմականօրէն հայկական մեր այդ հողերը անպայման պէտք է վերաբնակեցուին», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:
Շրջաններուն գիւղատնտեսական պայմաններուն մասին անդրադարձ մը կատարելով՝ անոնք հաստատեցին, որ որեւէ վերաբնակիչ եթէ միայն ընկոյզի բերքը հաւաքէ կամ մեղուաբուծութեամբ զբաղի, արդէն իր ապրուստը ապահոված կ՛ըլլայ, իսկ եթէ այս երկուքին կողքին վերաբնակիչը քանի մը հեկտար հող ցանէ, ապա կենսամակարդակը նկատառելի չափով կը բարելաւուի:
Այս առումով, անոնք վերահաստատեցին, որ գիւղատնտեսութեան զարգացման համար Արցախի պետութիւնը բաւական ցած տոկոսներով վարկեր կը տրամադրէ եւ բոլոր դիւրութիւնները կ՛ընծայէ մարդոց, որպէսզի վերաբնակիչները կարենան իրենք իրենց արժանապատիւ կեանք մը ապահովել:
Արդեօք Առիաւանը պիտի դառնա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոյնանման գիւղեր կառուցելու յաջող մօտելը, ինչպէս էր պարագան ԱՌԻի գործելաոճին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղաւ նաեւ ԱՌԻ-2 եւ ԱՌԻ-3 ներդրողներու խմբակները յառաջացնել, հարցումին պատասխանելով, ԱՌԻի հիմնադիր անդամները հաստատեցին, որ իրենք այդ իմաստով բնաւ կասկած չունին:
«Մենք յոյսով ենք, որ մինչեւ Հոկտեմբէր 2014 առիթը պիտի ունենանք այցելելու եւ տեսնելու, որ Առիաւանի կառուցումը յաջողած է», շեշտեցին անոնք:
ԱՌԻի համոզումներուն մասին խօսելով՝ Պչաքճեան եւ Գէորգեան ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացումը նուիրատուութիւններով կարելի չէ ապահովել: «Ներդրումի պարագային կայ յաջողութեան հիմնական չափանիշ, որն է՝ անոր երկուստեք շահաւէտ ըլլալու իրականութիւնը: Վարկը ստացողը պարտքեր վճարելու ճնշումին տակ պէտք չէ խեղդել, նաեւ՝ գործակցիլ պետութեան հետ եւ պատասխանատուութիւնները բաժնելով՝ օգնել վերաբնակիչին, որ ինքզինք գտնէ եւ ոտքերը ամուր ու հաստատ գետնի վրայ դնէ: ԱՌԻի փորձառութեան պարագային երկուստեք գոհունակութիւն կայ, որովհետեւ անիկա հաւաքական աշխատանք է եւ ի վերջոյ ազգային նպատակ կը հետապնդէ», ընդգծեց Բ. Պչաքճեան:
ԱՌԻի ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով՝ Պչաքճեան եւ Գէորգեան յայտնեցին, որ կայ նաեւ կաթնամթերքի, մսամթերքի, պահածոներու եւ մեղրի յատուկ գործարաններ հիմնելու ծրագիր մը, նկատի ունենալով, որ Քաշաթաղը եւ Շահումեանը առանձին կրնան ամբողջ Հայաստանի սնունդը ապահովել՝ թէ՛ հացահատիկի, թէ՛ մսամթերքի եւ թէ որոշ չափով բանջարեղէնի առումով:
«Հայաստանը տարեկան դրութեամբ 700 միլիոն տոլարի մսամթերք կը ներածէ. եթէ այդ գումարը մնայ Հայաստանի մէջ, այսօր Լեռնային Ղարաբաղը բոլորովին ուրիշ կացութեան մէջ, կրնանք գտնել», ցաւով ըսին անոնք:
Ազնիւ աշխատանքի հաւատքով եւ բարձր կորովի ու յոյսի յաղթական զէնքով գործող ԱՌԻն հետեւողական կերպով պիտի իմացնէ Առիաւանի շինութեան հանգրուաններուն մասին՝ մաղթելով, որ Սեպտեմբեր 2014ին շուրջ 100 հոգինոց խումբով մը ԱՌԻն կ՛ուղղուի Արցախ եւ գետնի վրայ կը տեսնէ գիւղին արդէն իսկ աւարտած առաջին 50 բնակարանները: