
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւելի քան 500 մասնակից, ներառեալ՝ ընտրուած պաշտօնեաներ, համայնքային ղեկավարներ ու կամաւորներ, իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնադրամի տարեկան 9րդ քայլարշաւին, որ յատկանշուեցաւ երիտասարդներու եւ շարք մը հայկական դպրոցներու, կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու եւ երիտասարդական կազմակերպութեանց գործօն մասնակցութեամբ:
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 3ին, Կլենտէյլի մէջ, սկսելով «Մեմորիըլ» հիւանդանոցէն ու հասնելով մինչեւ Կլենտէյլի կեդրոն, ապա վերադառնալով հիւանդանոց, ուր կայացաւ տօնախմբութիւն:
Քայլարշաւին գլխաւոր հովանաւորներն էին Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը, «Ֆաունտէյշըն» դարմանատունը եւ անանուն բարերար մը, որ իր նուիրատուութիւնը կատարած է ի յիշտակ Սինթիա Պուսէի:
Բացման արարողութիւնը սկսաւ Քրիսթինա Աշճեանի, Շըրլին Գոզալեանի եւ Սալբի Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքով: Աշճեան յայտարարեց, որ հիմնադրամին անդամագրուած են 26 հազար աշխարհասփիւռ կամաւորներ՝ 20 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ նշեց, որ անոր գործունէութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է ցօղունային բջջիներու հաւաքագրման կեդրոնի աշխատանքը Երեւանի մէջ: Իր կարգին, Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմադրամի բոլոր պատասխանատուներուն եւ կամաւորներուն:
«Մենք նուիրում ենք այս քայլերթը մեր բոլոր հիւանդներին, նաեւ նրանց, ովքեր այլեւս մեզ հետ չեն: Սակայն նրանց ընտանիքները եւ ընկերները այսօր մեզ հետ այստեղ են եւ նրանք օգնում են մեզ մեր գործում», ըսած է հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն: Ան ներկայացուց տասնամեայ Կրէյս Քեսապլաքին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց ցուցաբերուած աջակցութեան համար, եւ ներկայացուց քայլերթին համար իր կողմէ հաւաքուած նուիրատուութիւնը: «Կրէյսի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ շատ այլ պատմութիւններ դարձնում են մեր աշխատանքը այդքան նշանակալի», ըսաւ Ճորտըն, որ նաեւ ներկայացուց Արփինէ Զոհրապեանը, որ երկար ժամանակ աջակցած է հիմնադրամին եւ կազմակերպած այս տարուած քայլարշաւը:
«Երեք տարի առաջ, ես երեք տարեկան երեխային նուիրել եմ ոսկրածուծ: Այսօր այդ երեխան վեց տարեկան է, բուժուած քաղցկեղից, առողջ, խաղում է եւ վայելում կեանքը: Այսպիսով, ես յորդորում եմ բոլորին միանալ հիմնադրամին՝ դառնալով հնարաւոր նուիրատու: Կարող էք օգնել, փրկել մէկի կեանքը», ըսաւ Զոհրապեան:
Հինգ մղոն երկարութեամբ քայլարշաւը անցաւ նաեւ հայկական հիւպատոսարանին մօտէն, ուր մասնակիցները ողջունեցին հիւպատոսի խորհրդական Արտակ Գալստեան եւ հիւպատոսարանի անձնակազմը:
Աւարտին կայացած տօնախմբութեան ընթացքին, տեղական դպրոցներու հարիւրաւոր երեխաներուն շնորհուեցան շքանշաններ իրենց մասնակցութեան համար: