ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովին մէջ՝ հայ-ռուսական բարեկամութեան խորհրդարանական ակումբին յարկին տակ, 15 Մայիսին տեղի ունեցած է «Հայ-ռուսական թատերական յարաբերութիւնների խնդիրները եւ զարգացման հեռանկարները» նիւթով քննարկում: Քննարկման մասնակցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, թատրոններու ղեկավարներ, բեմադրիչներ, դերասաններ: Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են հայ-ռուսական մշակութային կապերուն, երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ապա անոնք անդրադարձած են թատրոնի արդիական խնդիրներուն:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հեղինէ Բիշարեանը՝ ողջունելով թատերական գործիչները, նշած է, որ յառաջիկային խորհրդարանին պիտի ներկայացուի «Թատրոնի եւ թատերական գործունէութեան մասին» օրինագիծը եւ հանդիպման նպատակն է քննարկել թատրոնի եւ անոր հետ սերտօրէն առնչուող մարդոց խնդրիներն ու կիսել անոնց մտահոգութիւնները: Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան կարեւոր նկատած է ոլորտին առնչուող օրէնք ունենալու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ ոլորտը կարգաւորելու խնդիրը վաղուց ծագած է։
Սենեկային երաժշտական թատրոնի գլխաւոր ղեկավար Դաւիթ Յակոբեան ներկայացուցած է այսօրուան թատրոնին առջեւ ծառացած խնդիրները: Ստանիսլաւսկիի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ալեքսանդր Գրիգորեան նշած է, որ ժամանակն է ունենալու թատրոնի եւ թատերական գործիչներու շահերն ու հետաքրքրութիւնները պաշտպանող օրինագիծ: Թատերական գործիչները խօսած են նաեւ մարզային թատրոններու խնդիրներուն մասին: Հեղինէ Բիշարեան առաջարկած է բանաձեւել բոլոր առաջարկներն ու դիտարկումները եւ ներկայացնել օրինագիծի հեղինակներուն:
Հանդիպման մասնակիցները առաջարկած են հանդիպիլ այլ ձեւաչափով եւ քննարկել խնդիրները աւելի հանգամանալից կերպով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.