
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 15 Մայիսին խորհրդարանը ամբողջութեամբ ընդունեց «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքին մէջ կառավարութեան նախաձեռնած փոփոխութիւնները:
Քառեակին տեսակէտը կիսուեցաւ առաջարկներու մասով. «Բարգաւաճ Հայաստան»ն ու Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները ձեռնպահ քուէարկեցին, «Ժառանգութիւն»ն ու ՀԱԿը՝ դէմ: Վերջիններուն միացաւ նաեւ «Օրինաց երկիր»ը. իշխանութիւնը չէր ընդունած բառացիօրէն քանի մը օր առաջ ՀՀԿն լքած քաղաքական ուժի ներկացուցիչներուն առաջարկը:
Քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակեց Ազգային ժողովի նախագահը. թեր՝ 67, դէմ՝ 18, ձեռնպահ՝ 29:
Նշենք, որ կառավարութեան նախաձեռնած փոփոխութիւններուն համաձայն՝ գործատուին գրած համապատասխան դիմումի պարագային աշխատակիցը ազատ կը կացուցուի կուտակային վճարումներ կատարելէ, իսկ գործատուն՝ զանոնք հաշուարկելու եւ փոխանցելու պարտաւորութենէն:
Նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին ոչ իշխանական ուժերու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնեցին այն մասին, թէ կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնը նոյնպէս հակասահմանադրական է:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀԱԿի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան փոփոխութեան ենթարկուած օրէնքին մէջ քանի մը թերութիւն նշած է. «Սահմանադրական դատարանի որոշման փիլիսոփայութիւնը այն է, որ չի կարող իշխանութիւնը տնօրինել քաղաքացիների սեփականութիւնը: Իսկ հիմա նորից բերում են նախագիծ, որը ըստ էութեան տնօրինում է դա: Որովհետեւ ասում է, որ անկախ նրանից, դուք համաձայնութիւն տուել էք, թէ չէ՝ դուք պարտադիր համակարգի մասնակից էք: Միակ հնարաւորութիւնը այդ պարտադիր համակարգից դուրս գալու դա դիմում գրելն է»:
Զուրաբեան համոզուած է, որ, հակառակ իշխանութեան ընտրած լուծման, դժգոհութիւնը պիտի չմարի:
Հանրապետական խմբակցութեան քարտուղար Գագիկ Մելիքեան, սակայն, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ իրենք ամենեւին իրավիճակային լուծման չեն գացած, այլ անոնց նպատակը դժգոհողները բաւարարելն էր. «Մենք կատարում ենք Սահմանադրական դատարանի որոշման պահանջները: Քայլ առ քայլ»: