ՅՈՎՍԷՓ ԹՈՔԱԹ
Այս գեղատիպ եւ արժէքաւոր հատորը իր 263 էջերուն մէջ կը պարունակէ նկարիչ Ժագ Իհմալեանի շուրջ 200 գեղանկարչական եւ գծագրական լաւագոյն նմոյշները: Հարկ է նշել, թէ արուեստագէտը իր կեանքին ընթացքին արտադրած է շուրջ 2000 գործ:
Մայտա Սարիս, այս հատորին մէջ կը փոխանցէ Իհմալեանի կեանքին մասին յուզումնալի տեղեկութիւններ՝ քաղուած նկարիչի մտերիմներէն, որոնց շարքին՝ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր, Նազըմ Հիքմեթ, Ազիզ Նեսին, Նուրի Իյէմ, Կրիկորի Անիսիմոֆ, թուրք անուանի նկարիչ Ապիտին Տինօ, Օննիկ Ճիվաճեան եւ Սիրարփի Աճէմեան:
Ժագ Իհմալեան ծնած է 30 Յունիս 1922ին, Պոլիս. 18 տարեկանին իսկ իր տաղանդը ընդունուած էր արուեստասէրներու շրջանակէն ներս: Սակայն իր քաղաքական մտածելակերպը թոյլատրելի չէր այդ օրուան կառավարութեան կողմէ, որ այդ գաղափարները համաճարակ կը համարէր, ուստի՝ բանտարկութիւնը անխուսափելի էր: Այդպէս ալ եղաւ 1944ին:
Իհմալեան ազատ արձակուեցաւ բանտէն 1948ին. իր բոլոր ջանքերուն հակառակ, չկրցաւ մուտք գործել Գեղարուեստական բարձրագոյն վարժարան: Այնուհետեւ, Իհմալեանի համար մէկ ճանապարհ կար՝ լքել ծննդավայրը, Մեծ Կղզիի այդ փառահեղ մթնոլորտը, ու հեռանալ անորոշութեան առագաստով՝ նախ դէպի Պէյրութ, ապա՝ Մոսկուա: Իր տեղը գտած էր Իհմալեան, սակայն միշտ ետ նայելով՝ իր ծննդավայրի կարօտով:
Իհմալեան, իր գործօն նկարագիրով, չէր կրնար անտարբեր մնալ իր ապագային նկատմամբ. իր պանդխտութեան առաջին տարիներուն իսկ յաջողեցաւ մուտք գործել Մոսկուայի գեղանկարիչներու միութիւն: Ժագ իր գերբնական զգացումները, պարզ եւ ջինջ ներաշխարը կը ցոլացնէր իր պաստարներուն վրայ: Երբեմն կ՛արտայայտուէր իր մտերիմներուն՝ ըսելով. «Ես չուզեցի զարդարել մտածումներս. չափազանցումը պիտի գեղեցկացնէր աշխատանքներս, բայց՝ ունայն իրենց իմաստով. գեղանկարիչին իսկական դէմքը կարելի պիտի չըլլար տեսնել արուեստասէրին կողմէ»:
Իհմալեանի համար կեանքը ստեղծագործութիւն մըն էր, իսկ արուեստը՝ ապրելակերպ մը: Իր կեանքի վերջին տասը տարիները (1968-78) իր ստեղծագործութեանց գագաթնակէտը եղան: Այս ժամանակաշրջանին իր արտադրած ինքնատիպ ոճով բոլոր ստեղծագործութիւնները իր կեանքի եւ մարդկային հայեցողութեան գլխաւոր վկաներն են:
1978ին իր մահէն ետք, սկսած 1979էն մինչեւ 1991, զանազան քաղաքներու մէջ՝ Անգարա, Մոսկուա, Երեւան, Թիֆլիս, Պաքու, Էջմիածին եւ Պոլիս, անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուեցան արուեստասէրներու:
Մայտա Սարիսի պրպտումներուն արդիւնք այս գեղատիպ եւ արժէքաւոր հատորը, անկասկա՛ծ, արգասիքն է համբերատար, երկարատեւ եւ բծախնդիր մեծ աշխատանքի:
Ձեռքերդ դալար, յարգելի՛ Մայտա: