ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մայիս 26ին կայացած առաջին հանդիպման, աշխարհի 40 երկիրներէ ներկայ էին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, որոնք տեղեկացուցին 2015 թուականի Ապրիլ 24ի իրենց ծրագիրներուն մասին: Այս առիթով ներկայացուեցան հարիւրամեակի խորհրդանշանը եւ կարգախօսը՝ «Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Մասնակիցներուն համար համաժողովը եզակի հնարաւորութիւն էր՝ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ միասնական ջանքերու համախմբման քննարկման առումով:
Մայիս 27ին տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպումը համախմբեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները, տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներն ու տասնեակ մը հայ դիւանագէտներ եւ հոգեւոր դասի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ համայն աշխարհէն: Պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը եւ Սփիւռքի հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւններու նախագահները:
Նախագահ Սարգսեան, յանդուգն քայլ կատարելով՝ յայտարարեց, որ հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը այցելելու Հայաստան, 2015 թուականի Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան առերեսուելու նպատակով: Անակնկալի գալով՝ թրքական իշխանութիւնները դեռ չեն պատասխանած այս մարտահրաւէրին: Հայաստանի նախագահը նաեւ տեղեկացուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ հրաւէրներ ուղարկած է շարք մը այլ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ այդ օրը այցելելու Երեւան: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ արդէն իսկ հաստատած է, որ մտադիր է մասնակցիլ Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
Պետական յանձնաժողովի անդամներու ելոյթներէն ետք, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան հանդէս գալու համաժողովին: Ինձմէ եւս խնդրեցին ելոյթ ունենալ՝ իբրեւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի համանախագահ:
Ելոյթս սկսայ՝ բացատրելով, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք չէ համակուած ըլլայ այն ակնկալիքով, թէ արդեօք նախագահ Օպամա պիտի ներառէ՞ ցեղասպանութիւն բառը 2015 թուականի Ապրիլ 24ի իր «յիշատակման» ուղերձին մէջ: Հակառակ տարածուած թիւրըմբռնման՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բազմիցս ճան-չցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ սկսեալ 1951 թուականէն՝ պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացնելով միջազգային դատարան, ապա Ներկայացուցիչներու տան 1975 եւ 1984 թուականներու բանաձեւերով եւ 1981 թուականի Ապրիլ 22ին նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի նախագահական հռչակագիրով: Հետեւաբար, շատ անհրաժեշտ չէ պնդելը, որ նախագահ Օպաման եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ բացի իր տուած խոստումը յարգելու եւ սեփական պատիւը փրկելու համար:
Ես իմ ելոյթիս մէջ նաեւ առաջարկեցի, որ քանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեւած է 1915էն մինչեւ 1923 թուական, ուստի հարիւրամեակի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկները պէտք է երկարաձգել 2015էն մինչեւ 2023 թուական: Ասիկա իսկական մղձաւանջ պիտի ըլլայ թրքական կառավարութեան համար, որ ստիպուած պիտի ըլլայ դիմակայելու հարիւրամեակի ոչ թէ մէկ, այլ ութ տարուան ձեռնարկներուն:
Քանի որ հարիւրամեակը պատմական կարեւոր իրադարձութիւն է, ուստի ես կոչ ուղղեցի հայկական համայնքներուն՝ կազմակերպելու իւրայատուկ ձեռնարկներ, որոնք զանգուածային բնոյթ պիտի կրեն եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ապահովելու համազգային կամ համաշխարհային հրապարակայնութիւն՝ Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն համար: Հարիւրամեակին առթիւ, պէտք չէ կրկնել նախկին ամէնամեայ ձեռնարկները: Սակայն, նախքան որեւէ ծրագիր նախաձեռնելը, պէտք է սկիզբը յստակացնել այն նպատակները, որոնք պիտի իրականացուին, այնուհետեւ որոշել, թէ արդեօք նախատեսուած ձեռնարկները կ՛իրագործե՞ն այդ նպատակները:
Այնուհետեւ, ես կարդացի համաժողովի մասնակիցներուն համար Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբին որդեգրած առաքելութիւնը.
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը կը շեշտադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց պահանջատիրական պայքարը՝ յանուն արդարութեան: 2015 թուականին պիտի յիշատակուի 20րդ դարու մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1915ին, թրքական կառավարութիւնը սկսաւ իր կանխամտածուած եւ համակարգուած արշաւին՝ արմատախիլ ընելու հայ բնակչութիւնը իր հայրենիքէն եւ կոտորելու 1.5 միլիոն անպաշտպան տղամարդիկ, կիներ եւ փոքրեր: Թուրքիան պէտք է վերջապէս ընդունի իր պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան համար եւ համապատասխան բարոյական, նիւթական եւ տարածքային փոխհատուցումներ տայ՝ ըստ հիմնարար միջազգային չափանիշներու եւ քաղաքակիրթ հասարակութեան օրէնք-ներու»:
Ելոյթս աւարտեցի՝ առաջարկելով աշխարհասփիւռ հայութեան՝ հարիւրամեակի իրենց գործողութիւնները այնպէս համակարգելու, որ միեւնոյն ուղերձը հասանելի ըլլայ ինչպէ՛ս բարեկամին, այնպէս ալ՝ թշնամիին: Ես նաեւ առաջարկեցի, որ պետական յանձնաժողովին կողմէ ընտրուած կարգախօսը՝ «Ես կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»ը, փոխուի հետեւեալ կերպով՝ «Մենք կը յիշենք եւ արդարութիւն կը պահանջենք»…
Թէեւ այս հանրահաւաքը պէտք է աւելի շուտ տեղի ունենար, սակայն անիկա առաւել կարեւոր էր հարիւրամեակի նախատեսուած ձեռնարկներու համակարգման առումով: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի հարիւրամեակի յանձնախումբերու երեւանեան հանդիպման: Բարեբախտաբար, Հայաստանի մէջ կազմակերպիչները զգոյշ էին հարիւրամեակի ծրագիրները հրապարակաւ չներկայացնելու եւ զանոնք թրքական իշխանութիւններէն գաղտնի պահելու հարցով՝ հնարաւորինս քիչ ժամանակ տալով անոնց՝ հայկական նախաձեռնութիւններուն հակազդելու…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը