ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Վրաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնած է, որ Թիֆլիսը թուրք երեսփոխաններու Աբխազիա այցելութեան կապակցութեամբ բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիայէն:
Զալքալիանի նշած է, որ Թուրքիա Վրաստանի գործընկերն է, եւ թուրք երեսփոխաններու այդ քայլը իրենց մօտ զարմանք յառաջացուցած է: «Թուրքիա կը ճանչնայ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Որքան մեզի ծանօթ է, այդ երեսփոխանները կը ներկայացնեն Թուրքիոյ մէկ շրջանը՝ Սաքարիան, ուր շատ են ծագումով աբխազները», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.