ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անատոլուի 4րդ եղեռնադատ ատեանը, «Լախտի հարուած» անունով պետական յեղաշրջումի հարցին առնչութեամբ հսկողութեան տակ առնուած 236 ամբաստանեալներուն գծով ազատ արձակման որոշում կայացուց։ Դատարանը իր այս որոշումով յարգած եղաւ այն պնդումը, թէ Սահմանադրական դատարանին կողմէ «կը բռնաբարուին ամբաստանեալներու իրաւունքները»։ Անատոլուի 4րդ եղեռնադատ ատեանի դատախազը փափաքած էր, որ այս ամբաստանեալներուն դատը վերատեսութեան ենթարկուի եւ պատժամիջոցները անվաւեր դառնան։
Դատախազութիւնը շեշտեց, որ դատարանը պէտք չէ լսէ այդ շրջանի սպայակոյտի ընդհանուր նախագահ Հիլմի Էօզքէօքի եւ ցամաքային ուժերու հրամանատար Այթաչ Եամանի վկայութիւնները։
Յայտարարուած սոյն որոշումին համաձայն՝ ամբաստանեալները զանազան շրջաններու մէջ գտնուող բանտերէ ազատ արձակուեցան։ Ազատ արձակուած զինուորականներուն մէջ էին ծովուժի հրամանատար Էօզտեն Էօրնեք, բանակային հրամանատար Չեթին Տողան, հանգստեան կոչուած զօրավար Շիւքրիւ Սարըշըք եւ ուրիշներ։ Միայն երկու ամբաստանեալներ ազատ արձակման որոշումէն չօգտուեցան, որովհետեւ անոնք այլ յանցանքներու մեղադրանքով եւս բանտարկուած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.