ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը, վկայակոչելով «Պի.Պի. Սի.»ի պատուիրած հարցախոյզը՝ կը հաղորդէ, որ աշխարհի տարածքին Ռուսիոյ վարկը վերջին տարուան ընթացքին լրջօրէն վատթարացած է: 9 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, հարցախոյզի մասնակիցներուն մեծ մասը՝ 45 առ հարիւրը, Ռուսիոյ դէմ արտայայտուած է: Իսկ համակրանք արտայայտողներուն համեմատութիւնը 31 առ հարիւր եղած է: Ռուսիոյ նկատմամբ ամէնէն վատ ընկալումը գոյութիւն ունի Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, իսկ անոր հանդէպ դրական մօտեցում աւելի յաճախ արտայայտած են ասիական երկիրներու բնակիչները: Հարցախոյզին հիմնական մասը կատարուած է նախքան Խրիմը Ռուսիոյ միանալը եւ Ուքրանիոյ վերջին դէպքերը:
Ըստ նոյն հարցախոյզին՝ զգալիօրէն վատթարացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու վարկը, յատկապէս Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Պրազիլի մէջ: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 39 առ հարիւրը բացասաբար արտայայտուած է, իսկ դրական՝ 42 տոկոսը:
Քանատան ամենալաւ վարկը ունեցող երկիրը դուրս եկած է:
Հարցախոյզին մասնակցած է 24,500 հոգի՝ աշխարհի 24 երկիրներէ:
Բացասական վարկ ունեցող երկիրներու շարքին են նաեւ Իսրայէլը, Հիւսիսային Քորէան եւ Իրանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.