
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին առնչուող հարցեր:
Զոյգ նախարարները համակարծիք էին այն մասին, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակի սրման առնչութեամբ Պաքուի նպատակային սադրանքները եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ բարձրագոյն մակարդակով հնչող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու բանակցային գործընթացի էութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը խոչընդոտելու Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքը: