ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 16 Յուլիսին գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի, խոտի մթերման, երկրագործներու պարտաւորութիւններու մարման եւ 2015ի գիւղատնտեսական աշխատանքներու նախապատրաստութեան առնչուած հարցեր:
Ոռոգման աշխոյժ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան բազմաթիւ համայնքներուն մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի խնդիր կայ, որ՝ առկայ հիմնախնդիրներէն բացի, նաեւ պայմանաւորուած է տեղումներու նուազումով: Երկար տարիներէ ի վեր Արցախի մէջ չէ արձանագրուած տեղումներու այդքան քիչ քանակ. ըստ վարչապետին ունեցած տեղեկութիւններուն՝ տեղումներ նախատեսելի չեն նաեւ յառաջիկային: Արա Յարութիւնեան յայտնած է, որ ստեղծուած է արտակարգ իրավիճակ, զոր յաղթահարելու համար պէտք է միջոցներու ձեռնարկել:
Լեռնային Ղարաբաղի արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Յակոբ Ղահրամանեան ամփոփ տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է համայնքներուն մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: Հանրապետութեան 56 համայնքներուն մէջ վտանգուած է կեդրոնացեալ ջրամատակարարումը: Ըստ շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն՝ հակառակ անոր որ բնակչութիւնը ապահովուած է ըմպելի ջուրի նուազագոյն պաշարներով, այնուամենայնիւ, խնդիրը հրատապ լուծում կը պահանջէ: Առանձին շրջաններու մէջ վիճակը աւելի վատ է, ուստի անոնց վերաբերող յատուկ նախագիծեր պիտի մշակուին, պիտի ստուգուին եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի տրամադրուին ջրմուղակայաններ, պիտի ուսումնասիրուին արտեզեան ջրհորներ փորելու կարելիութիւնները:
Կառավարութեան ղեկավարին յանձնարարութեամբ՝ «Ջրամատակարարում եւ ջրահեռացում» ընկերութեան կողմէ պիտի նախաձեռնուին համապատասխան քայլեր, որպէսզի ջուրի խնդիր ունեցող բնակավայրերու բնակիչներէն իւրաքանչիւրին օրական մօտ 100-120 լիթր ջուր մատակարարուի: Մնացած համայնքներուն մէջ ջուրի առնչուած հարցերը պիտի լուծուին շրջանային վարչակազմերու եւ համայնքապետերու միջոցներով եւ առաջարկուող տարբերակներով:
Վարչապետը յանձնարարած է համայնքներուն աւարտել հաշուիչներու տեղադրման գործընթացը, միաժամանակ երկու սակ սահմանել՝ որոշուած ծաւալէն աւելի շատ ջուր օգտագործելու պարագային նուազեցնելով սակը: Այսպիսով կարելի պիտի ըլլայ վերահսկել եւ կառավարել առկայ ջրային պաշարները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ ոռոգման ջուրի բաշխման հարցը: Յանձնարարուած է ոռոգման ջուրը ուղղել հիմնականին մէջ բանջարեղէնի ցանքերուն, պտղատու այգիներուն եւ ծխախոտի տարածքներու մշակման: æուրի կորուստներէն խուսափելու համար առաջարկուած է հետագային ոռոգման ենթակայ տարածքներուն համար սահմանել համապատասխան չափորոշիչներ:
Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ անասնակերի մթերման աշխատանքներուն ընթացքը: Ներկայացուած զեկուցումներուն համաձայն՝ տեղական պաշարները հիմնականին մէջ կը բաւարարեն առկայ պահանջքը, իսկ պակասորդի առկայութեան պարագային գիւղացիներուն պիտի տրուի համարժէք աջակցութիւն:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան ներկայացուցած է բերքահաւաքի արդիւնքները: Անոր համաձայն՝ առայսօր հնձուած է շուրջ 45 հազար հեկտար ցորենի դաշտ, իսկ միջին ցուցանիշները գոհացուցիչ չեն: Ըստ կառավարութեան ղեկավարին՝ ընթացիկ տարին շատ անբարենպաստ եղած է հացահատիկային մշակաբոյսերուն համար, եւ երաշտը մեծապէս ազդած է բերքահաւաքի արդիւնքներուն վրայ:
Աւարտին վարչապետ Ա. Յարութիւնեան յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններուն՝ երկրագործներուն եւ անասնապահներուն աշխատանքը կարելի եղածին չափ կազմակերպելու եւ անոնց օժանդակելու նպատակով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.