ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 22 Յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է Եւրամիութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ներկայ էին Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ, միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն, հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան կ՛ուզէ զարգացնել Եւրամիութեան հետ գործընկերութիւնը՝ հիմնուելով վերջին տարիներուն միասնաբար ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ յառաջընթացին վրայ:
Ան նաեւ դիտել տուած է, որ Հայաստան կը փափաքի սկսիլ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման մասին երկխօսութեան՝ հիմնուելով մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման եւ համապատասխան համաձայնագիրներու փորձառութեան վրայ:
Բացի Եւրամիութեան հետ յարաբերութիւններէն, Նալբանդեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի սահմանը փակ պահելուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին: Ան շեշտած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մասնաւորապէս՝ ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող: Ըստ Նալբանդեանի՝ ղարաբաղեան հիմնահարցը խաղաղ լուծելու քաղաքական կամք չկայ Ատրպէյճանի մէջ:
«Մենք լիովին համամիտ ենք, որ ժողովուրդներին պէտք է պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի: Ցաւօք, Ադրբեջանը լիովին հակառակն է անում՝ իր ռազմատենչ եւ սադրիչ հռետորաբանութեամբ, անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզով, որը Արցախի հետ շփման գծին եւ Հայաստանի հետ սահմանին յանգեցնում է տարածաշրջանում լարուածութեան եւ իրավիճակի սրման», նշած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Նոյն օրը նախարարը հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են հայ– իտալական օրակարգի հարցեր, անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու, Եւրոպական Միութեան Իտալիոյ նախագահութեան ծիրին մէջ միտքեր փոխանակուած են Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
vai! du vorkan khelkov mart es nalband! turkits inch eir spasum?
da mez mot el chka paron.menk Artsakhi vra ar u tur chenk anum.da merne yev verdj!