ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը՝ ի պատասխան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հերքումներուն, հրապարակած է լուսանկարներ, որոնք կը փաստեն, որ հայկական կողմը կանխած է հակառակորդի հետախուզական-ներթափանցման փորձը։ Անկէ ետք Ատրպէյճան հրապարակած է 31 Յուլիսին արցախեան եւ ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասի մարտական դիրքերուն վրայ ատրպէյճանական կողմի յարձակման ընթացքին մահացած իր զինուորներուն ցանկը։
«APA» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ փոխհրաձգութեան ընթացքին մահացած են զինուորներ Եուսէին Էթիպարօղլու Ապտինովը, Ալի Ռահիմովը, Մուստաֆա Ալիճոշքունովը, Սաֆթար Մամետովը, Էլնուր Իպրահիմովը, Վիւկար Փոլատովը, պայմանագրային զինուորներ Էլվին Ասքերովը, Քարեաղտը Էլտար օղլու Ահմետովը (1992ի ծնունդ), ենթասպայ Իսա Զիյատ օղլու Ալմազովը (1977ի ծնունդ): Վիրաւորուած են նաեւ այլ 5 զինուորներ, որոնց անունները չեն նշուած։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ Ատրպէյճանի կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Ալի Ապպասովը ղարաբաղեան ճակատին վրայ մահացած զինուորներուն ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնած է, իսկ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը կը շարունակէ լուռ մնալ Ատրպէյճանը ցնցած այդ ցաւալի իրադարձութեան առնչութեամբ: Այս մասին գրած է virtualaz.org լրատուական կայքը՝ նշելով, որ «Հասանովի այդ կեցուածքը զայրացուցած է ատրպէյճանական հասարակութիւնը»:
Կայքը կը գրէ, որ մինչ ատրպէյճանական կողմը կը խօսի 9 զինուորներու մահուան մասին, «Ֆրանս Փրէս» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան աղբիւրներու, կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական բանակէն 14 զինուոր մահացած է:
«Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը միջադէպին առնչուած որեւէ բացատրութիւն եւ յայտարարութիւն չէ կատարած: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բաւարարուած է եւ իր աշխատանքը կատարած սեպած է 9 զինուորներու մահուան մասին կարճ հաղորդագրութիւն տարածելով: Ֆրանսական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական բանակի հետախուզական-ներթափանման փորձ կատարող խումբը փորձած է անցնիլ շփման գիծը, սակայն, շրջապատման մէջ ինկած է: Հայկական աղբիւրները կը պնդեն, որ մարտական գօտիին մէջ տակաւին կան ատրպէյճանցի զինուորներու դիակներ», զայրացած գրած է ատրպէյճանական կայքը:
Virtualaz.org-ը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ ատրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման խումբի վնասազերծման ընթացքին վերջիններէն խլուած յատուկ սպառազինութեան եւ ռազմական սարքաւորումներու լուսանկարները Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին կողմէ հրապարակուելուն եւ նշած, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տակաւին արձագանգ չկայ։
«Տեղական մամուլը մահացած զինուորներուն մասին տարբեր թիւեր կը հրապարակէ: Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ այդ մասին տակաւին պաշտօնական տեղեկատուութիւն չունի եւ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ յստակացում կատարելէ ետք», կը գրէ կայքը։
Նշենք, որ հակառակորդը 31 Յուլիսին ձեռնարկած է յարձակման՝ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտի ուղղութեամբ: Դիրքապահ անձնակազմին կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան, հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ՝ նահանջած է։ Հայկական կողմէն զոհուած են երկու զինուորներ՝ Արարատ Վաչիկի Խանոյեանը եւ Աշոտ Արթուրի Ասոյեանը:
Ներկայիս ատրպէյճանական կողմէ յարձակման ենթարկուած տարածքը ամբողջութեամբ կը գտնուի Արցախի պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ: Հայկական կողմը գրաւած է նաեւ մեծ քանակութեամբ յատուկ սպառազինութիւն եւ ռազմամթերք:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ 2014ի սկիզբէն մինչեւ օրս ատրպէյճանական բանակին մէջ մահացած է 62 զինուոր, որոնցմէ 42ը մեռած է ոչ մարտական պայմաններու մէջ, 102 զինուոր ալ վիրաւորուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.