ՊՈՔԱ ՌԱԹՈՆ.- Հայկական նաւապտոյտի գործադիր մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ տարուան Յունուար 17-24 տեղի ունենալիք Հայկական աւանդական 18րդ նաւապտոյտի մասնակիցները պիտի վայելեն Օննիկ Տինքճեանի, Ճան Պէրպէրեանի եւ Արթուր Աբգարեանի իւրայատուկ ելոյթները։
Օննիկ Տինքճեան ծնած է Փարիզ, 1929ին, ու զաւակն է տիգրանակերտցի ծնողքի։ Ան երգելու սկսած է Փարիզի հայկական եկեղեցիին մէջ, իսկ 1940ականներու վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է՝ ելոյթներ ունենալով համայնքային ձեռնարկներու ընթացքին։ Ան ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի տարածքին, իսկ վերջերս նաեւ՝ Երուսաղէմի մէջ։
Ճան Պէրպէրեան կը նկատուի ուտի վարպետներէն։ Ան իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է Նիւ Եորքի նուագախումբերուն մէջ, սակայն անոր ծնողքին ունեցած ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան նկատմամբ իր սէրը, պատճառ դարձած են, որ ան մասնագիտանայ ուտի երաժշտութեան մէջ։ Տինքճեանի եւ Պէրպէրեանի նուագախումբին մաս կը կազմեն նաեւ Ռան Թութունճեան, Սթիւ Ոսպիկեան եւ Քրիս Մարաշլեան։
Արթուր Աբգարեան ծնած ու հասակ նետած է Պէյրութի մէջ։ Երաժիշտներով հարուստ ընտանիքի մը մէջ մեծնալով՝ ան փոքր հասակէն սկսած է հետեւելու երաժշտութեան եւ ձայնամարզումի դասընթացքներու. 1960ականներուն հաստատուած է Քանատա, ուր դարձած է սիրուած երգիչ մը՝ իւրայատուկ ոճով հանրութեան ներկայացնելով հայերէն եւ այլ լեզուներով երգեր։ Ան 1970ականներէն սկսեալ, իր նուագախումբին հետ ելոյթներ ունեցած է ոչ միայն Քանատայի, այլ նաեւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, որոնց կարգին՝ Աւստրալիա, Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Բրիտանիա, Վենեզուելլա, Հոնկ Քոնկ եւ Չինաստան։ Արթուր Աբգարեանի նուագախումբին մաս կը կազմեն Փօլ Զէյթունեան, Աւօ Նիկողոսեան ու Վաղարշակ Ադամեան։
Հայկական աւանդական 18րդ նաւապտոյտը՝ շքեղ «Էմ.Էս.Սի. Տիվինա» զբօսանաւուն վրայ, զբօսանքի եւ ժամանցի բազմաթիւ առիթներով հարուստ եօթնօրեայ շրջապտոյտ մըն է, որ պիտի սկսի Մայամիէն՝ այցելելով Ճամայքա, Քէյմըն կղզիները, Մեքսիքա եւ Պահամաս: Հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի երեսներով հարուստ սոյն նաւապտոյտի մասնակցութեան տարբեր մակարդակներուն ծանօթանալու համար, այցելել
www.msccruisesusa.com կամ
www.armenianheritagecruise.com կայքերը, կամ դիմել (866) 447-0750 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.