ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աւելի քան երկու տասնամեակ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարելէն ետք, Կեփհարթ 2005 թուականին պաշտօնաթող ըլլալէն անմիջապէս ետք սկսաւ մեծ գումարներ շահելու լոպիինկ ընելով նոյն հարցին դէմ, որուն ջատագովը եղած էր Քոնկրեսին մէջ…
Օգտուելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին թրքական խուճապէն՝ «Տը Կեփհարթ կրուփ կաւըրմընթ ըֆերզ» ընկերութիւնը տարուան սկիզբը ընդլայնեց իր վաղեմի լոպիական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ: 1.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ նոր պայմանագիրը կը ներառէ ենթակապալառուներ Տիքսթայն Շափիրօն (տարեկան 531 հազար տոլար), Կրինպըրկ Թրորիկը (տարեկան 314 հազար տոլար), Լիտիա Պորլենտը (տարեկան 180 հազար տոլար) եւ Պրայըն Ֆոռնին (տարեկան 78 հազար տոլար): «Կեփհարթ կրուփ»ը եւ անոր գործընկերները համաձայնած են Թուրքիոյ տրամադրել հետեւեալ ծառայութիւնները.
ա. Առաջարկել եւ հետապնդել, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ընդունումը օրէնքներու եւ այլ որոշումներու, որոնք կը նպաստեն Թուրքիոյ շահերուն եւ կ՛ապահովեն բարձր վարկանիշ՝ թուրքերուն, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար։
բ. Պահպանել եւ ընդլայնել Թուր-քիոյ եւ թուրք ամերիկացիներու հարցերով քոնկրեսական խմբաւորումը։
գ. Իրազեկել Քոնկրեսի անդամները եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին։
դ. Անյապաղ տեղեակ պահել Թուրքիան՝ իրեն համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ Քոնկրեսի կամ գործադիր իշխանութեան որեւէ որոշման մասին։
ե. Հակիրճ վերլուծութիւն պատրաստել Քոնկրեսի եւ գործադիր իշխանութեան մէջ Թուրքիան յուզող հարցերու զարգացումներուն մասին։
զ. Մատնանշել այն պաշտօնական հաւաքոյթները եւ հանրային ձեռնարկները, որոնց, «Կեփհարթ կրուփ»ի կարծիքով, պէտք է մասնակցի (Թուրքիոյ) դեսպանատան անձնակազմը, կարելիութեան պարագային՝ դասաւորել անհրաժեշտ հրաւէրներ։
է. Մատնանշել եւ կազմակերպել տեղական եւ ամբողջ երկրի մակարդակով ելոյթներ՝ (Թուրքիոյ) դեսպանատան աշխատակիցներու կամ անոնց նշանակած կամ առաջարկած անձերուն համար՝ համաժողովներու մէջ Թուրքիոյ վարկը բարձրացնելու եւ Քոնկրեսին մէջ անոր շահերը յառաջ մղելու համար: Թուրքիոյ ցուցմունքներուն համաձայն՝ ասիկա պէտք է համակարգուի Թուրքիոյ հանրային կապերու ծառայութիւններու մատակարար(ներ)ին հետ։
ը. Պահպանել ու ստեղծել զինակցութիւններ այլ շահագրգիռ խումբերու հետ, որոնց նպատակները նման են կամ ընդունելի են Թուրքիոյ կողմէ:
Յատկանշական է, որ գործընկեր Կրինպըրկ Թրորիկի պարտականութիւններուն մէջ ներառուած են «կապերու մշակումը եւ օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ՝ անոնց փոխանցելու համար Ցեղասպանութեան հարցին ծանրակշռութիւնը եւ հնարաւոր սպառնալիքը Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն»:
Հակակառակ անոր, որ Ուաշինկթընի մէջ կան բազմաթիւ լկտի լոպիիստներ, սակայն ոչ ոք կրնայ մրցիլ Ռիչըրտ Կեփհարթի վրդովեցուցիչ կերպարանափոխութեան հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովէն վերածուելով Ցեղասպանութիւնը ժխտողի… Այս խիստ կարեւոր բարոյական հարցին վերաբերեալ Կեփհարթի ամօթալի կտրուկ շրջադարձը առաջին անգամ բացայայտած էր «Տը Նիւ Ռիփապլիք»ը, 23 Յուլիս 2007ին հրապարակած՝ «Քէյ Սթրիթը (լոպիիստկան ընկերութիւններու փողոց) Դրամ Կը Շահի 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն» խորագիրով յօդուածով: Քոնկրեսին մէջ 26 տարիներու ծառայութեան ընթացքին Կեփհարթ համահեղինակած է քանի մը բանաձեւեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ բազմիցս խօսած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին: 2000 թուականին Կեփհարթ եւ Ներկայացուցիչներու տան այլ երկու դեմոկրատ քոնկրեսականներ միացեալ նամակ ստորագրած էին՝ ուղղուած այն ժամանակուան խօսնակ Տենիս Հեսթըրթին՝ յորդորելով անոր դասաւորել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին անյապաղ քուէարկութիւնը:
2005ի Յունուարին, Ներկայացուցիչներու տան իր աթոռը լքելէ ընդամէնը քանի մը օր ետք Կեփհարթ Ուաշինկթընի մէջ բացաւ իր խորհրդատուական եւ լոպիիստական ընկերութիւնը: 2005-2009 թուականներուն ան դարձաւ կառավարութեան հետ կապերու հաստատման գծով ռազմավարական խորհրդատու DLA Piper միջազգային իրաւաբանական ընկերութեան համար, որ ամսական 100 հազար տոլար ստացած է Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար, ինչպէս՝ լոպիինկ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ Ներկայացուցիչներու տան մէջ… «Տը Նիւ Ռիփապլիք»ը հաղորդած էր, որ Կեփհարթ հանդիպումներ կազմակերպած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամներու եւ Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ ղեկավարներու միջեւ, օգնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանին հանդիպում ունենալու «թերահաւատ» Նենսի Փըլոսիի հետ եւ շրջանառութեան մէջ դրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող՝ «Կոչ իմաստութեան» վերնագիրով գրքոյկը:
Ամերիկահայերը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ պէտք չէ լուռ մնան, երբ Կեփհարթ կը հարստանայ թրքական արիւնոտ դրամներով… Անոնք պէտք է զգուշացնեն անոր լոպիիստկան ընկերութեան յաճախորդները՝ «Անհիւզըր Պուշ», «Պոյինկ», «Շեւրոն», «Ինթըրփրայզ ռենթ ը քար», «Ճեներըլ Էլեքթրիք», «Կոլտմըն Սեքս», «Կուկըլ», Լոս Անճելըսի օդակայան, Ֆութպոլի ազգային լիկա, Օքլընտի նաւահանգիստ եւ «Եունայթըտ էրլայնզ», որ պոյքոթի պիտի ենթարկեն անոնց արտադրանքն ու ծառայութիւնները, եթէ այս ընկերութիւնները չեղեալ չհամարեն իրենց պայմանագիրները «Կեփհարթ կրուփ»ին հետ: Նաեւ բողոքի նամակներ պէտք է յղել «Ֆորտ Մոթոր Քամփընի» ընկերութեան եւ «Սքրիփս» հետազօտական հաստատութեան՝ իրենց տնօրէններու խորհուրդին մէջ Կեփհարթին տեղ յատկացնելնուն համար:
Ի վերջոյ, ընթերցողները պէտք է ուղղակի նամակներ յղեն Կեփհարթին (Gephardt Government Affairs, 1101 K Street, N.W., Suite 310, Washington, D.C. 20005) կամ dickgephardt@gephardtdc.com հասցէով ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեն՝ յանդիմանելով զայն իր խիստ անբարոյական վարքագիծին համար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը