ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 2014-2015 տարեշրջանը սկսած է Երկուշաբթի, Օգոստոս 18ին։
Վերադարձող եւ նոր աշակերտները դիմաւորելով «Սարոյեան» սրահին մէջ՝ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթած է բոլորին, ուրախութեամբ նշելով, որ աշակերտներուն թիւը հասած է 130ի։
Կրթական տարեշրջանի բացման աղօթքները կատարած են Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան եւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ։
Ամառնային արձակուրդին ընթացքին իրականացած են վարժարանի կառոյցներու բարելաւման ու բարեզարդման շարք մը ծրագիրներ եւ սկսած է վարժարանի ցանկապատը կառուցելու աշխատանքը։
Վարժարանը նաեւ նախավարժարանի բաժանմունքին նոր պատասխանատու նշանակած է Քարոլին Արիսթաքէսեանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.