ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Նանճինկ-2014ի պատանեկան ողիմպիական խաղերուն Հայաստան բաւական պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց։
Ծանրաբարձութեան 85 քկ դասակարգին մէջ հիանալի ելոյթ ունենալով՝ Սիմոն Մարտիրոսեան երկրորդ ոսկի մետալը պարգեւեց Հայաստանին:
Ըմբիշ Զաւէն Միքայէլեան յունահռոմէական ոճի 58 քկ դասակարգին մէջ մրցեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցին դէմ եւ արժանացաւ արծաթէ մետալի:
Այլ հայ մարզիկներ եւս, որոնք հիմնականին մէջ կը ներկայանային Ռուսիոյ մարզիկներուն հետ, արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.