Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ խստօրէն դատապարտեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը՝ նահանգի Ծերակոյտին կողմէ թիւ 32 բանաձեւի ընդունումէն ետք, որ «կը խրախուսէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերը եւ կ՛աջակցի անոր՝ զարգանալու իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն» եւ «կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու Քոնկրեսին՝ սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան»: Բանաձեւը նաեւ ճանչցաւ այն, որ Արցախը «պատմականօրէն եղած է հայկական տարածք…. սակայն 1921 թուականին Խորհրդային Միութեան օրօք ապօրինաբար անջատուած է Հայաստանէն եւ յանձնուած նոր կազմաւորուած Խորհրդային Ատրպէյճանի կառավարման»:
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի երկու պալատները ճնշող մեծամասնութեամբ թեր քուէարկած են Արցախի բանաձեւին՝ Օգոստոս 27ին նահանգի Ծերակոյտը 24-0, իսկ Մայիս 8ին նահանգի ժողովը՝ 72-1 ձայներու յարաբերակցութեամբ: Այսպիսով, Քալիֆորնիան, Արցախին սատարող նման բանաձեւ ընդունելով, կը միանայ Լուիզիանա, Մէյն, Մեսեչուսեց եւ Ռոտ Այլընտ նահանգներուն:
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի որոշումները զայրացուցած էին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր դիւանագէտները: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլման Ապտուլլաեւը արհամարհեց Արցախի բանաձեւը՝ զայն անուանելով «ընդամէնը թուղթի կտոր մը»: Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը խստօրէն քննադատեց տեղւոյն հայ համայնքը, Քալիֆորնիոյ նահանգը եւ բանաձեւը: Վերջինս խափանելու իր ձախողութիւնը արդարացնելու համար պնդեց, թէ Քալիֆորնիոյ ծերակուտականները «իրենց ընտրական քարոզարշաւներուն համար հսկայական նիւթական նուիրատուութիւններ» ստացած են «հայկական լոպիէն»: Մոռնալով, որ ան կը ներկայացնէ աշխարհի ամենաբռնապետական վարչակարգերէն մէկը, Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը յանդգնած է դաս տալ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն՝ «Ամերիկայի քաղաքական համակարգին մէջ առկայ լուրջ թերութեան համար, որ կարիք ունի իսկոյն շտկուելու»:
Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը, նախքան նման անհիմն մեղադրանքներ ընելը, պէտք է համացանցի վրայ փնտռէր, որպէսզի տեսնէր, թէ Արցախի բանաձեւին համար քուէարկած 24 ծերակուտականները որքան գումար ստացած են ամերիկահայերէն, եթէ այդպիսիք եղած են: Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզարշաւներու նուիրատուութիւնները թափանցիկ են, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, ուր այցելած քաղաքական գործիչներուն ճոխ ընդունելութեան կ՛արժանացնեն եւ կը ճանապարհեն դրամի տրցակներով, ձկնկիթի տուփերով եւ ոսկիի ձուլակտորներով…
Գլխաւոր հիւպատոսը բանաձեւի ընդունումը նաեւ վերագրած է «հայկական լոպիին չափազանց մեծ ջանքերուն Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր շուրջ մէկ միլիոն հայ կը բնակի»: Մէկ միլիոնը այլ չափազանցութիւն մըն է ատրպէյճանցի դիւանագէտին կողմէ, որ շարունակելով իր ընթացքը՝ կեղծ մեղադրանք կը ներկայացնէ հայկական «ազգային լոպիին», որ, իբր թէ դիմած է «սպառնալիքներու, շանթաժի եւ այլ միջոցներու» Քալիֆորնիոյ ծերակուտականներու դէմ:
Այնուհետեւ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը կը պարծենայ իր գործադրած ջանքերով ընդդէմ բանաձեւին՝ պնդելով, որ ան եւ իր հիւպատոսութիւնը շարք մը «լուրջ քայլերու» ձեռնարկած են, ներառեալ «բողոքի նամակներու յղում բոլոր ծերակուտականներուն (եւ) բազմաթիւ հանդիպումներ անոնց հետ….»: Հակառակ անոր խելայեղ գործունէութեան, ոչ մէկ ծերակուտական դէմ քուէարկեց Արցախի օրինագիծին… Աներեւակայելի է, սակայն հիւպատոսը կը պնդէ, որ ան մեծ յաղթանակ տարած է, որովհետեւ վերջնական քուէրակութիւնը ի նպաստ Արցախին եղած է 24-0, եւ ոչ թէ 40-0, քանի որ որոշ ծերակուտականներ կա՛մ բացակայած են, կա՛մ ձեռնպահ մնացած…
Հասկնալիօրէն, գլխաւոր հիւպատոսը մոռցած է նշելու Արցախի օրինագիծին դէմ պայքարի իր մեծագոյն կողմնակիցները՝ հզօր լոպիական ընկերութիւնները, զորս Ատրպէյճան վարձած է Ուաշինկթընի եւ Լոս Անճելըսի մէջ՝ հսկայական գումարներով: Այդ ընկերութիւններէն մէկը՝ JCI Worldwide-ը, Սէթ Ճեքըպսընի գլխաւորութեամբ, նամակ յղած էր Քալիֆորնիոյ 40 ծերակուտականներուն՝ Ռապպի Տով Նիումընի, Պեւերլիվուտի Շապատի, Ռապպի Մենտի Քոհենի, Սաքրամենթոյի Շապատի, Ռապպի Եոնահ Պուքշթայնի եւ Փիքօ Շուլի ստորագրութեամբ: Երեք ռապպիները ծերակուտականներուն գրած էին, որ անոնք «կտրականապէս դէմ են թիւ 32 բանաձեւին… Ատրպէյճանը կարեւոր դաշնակից է Իսրայէլի եւ հրեայ ժողովուրդին: Հրեաները հազարաւոր տարիներ ազատ եւ պաշտպանուած կ՛ապրին Ատրպէյճանի մէջ… Իբրեւ Քալիֆորնիոյ հրէական համայնքի ռապպիներ եւ առաջնորդներ, մենք կը զօրակցինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն Ատրպէյճանի մէջ եւ կը պահանջենք ԴԷՄ քուէարկել բանաձեւին»: Այս ռապպիները ակնյայտօրէն անյարմար վիճակի մէջ դրին իրենք զիրենք՝ նման անհեթեթ նամակ ուղարկելով, քանի որ չկրցան նոյնիսկ մէկ ծերակուտական համոզել դէմ քուէարկելու Արցախի բանաձեւին: Աւելին, շրջանառութեան մէջ դրուած իրենց նամակը Ատրպէյճանի քարիւղի տոլարներու անիմաստ վատնում էր, քանզի JCI-ի մեծածախս լոպիինկը անարժէք էր:
Հետաքրքրական է, արդեօք նախագահ Ալիեւ գիտէ՞, որ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը եւ Ուաշինկթընի մէջ դեսպանատունը միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնեն անարդիւնաւէտ լոպիական ընկերութիւններուն վրայ: Արդեօք Ատրպէյճանի քաղաքացիները, որոնք կ՛ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, տեղեա՞կ են, որ իրենց ղեկավարները յօդս կը ցնդեցնեն երկրի հարստութիւնը արտասահմանի մէջ քաղաքական գործունէութեան վրայ՝ ընդամէնը «թուղթի կտորի մը» հակազդելու համար: Իսկապէս, եթէ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի բանաձեւը անիմաստ «թուղթի կտոր մըն» էր, ինչպէս կը պնդէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան, ուրեմն ինչո՞ւ Ատրպէյճանը այդքան ժամանակ, ջանք ու գումար կը ծախսէ՝ փորձելով խափանել անոր ընդունումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը