7 Սեպտեմբերին Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը այցելեց Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆրանսայի Ալֆորվիլ շրջանի քաղաքապետը, ծերակուտական Լիւք Քաւնասը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Ֆրանսայի Եւրոխորհուրդի պատուիրակութեան նախագահ, Եւրոխորհուրդի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքէն եւ Ֆրանսա–Ջաւախք յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Կարապետեանը:
Երիտասարդական կեդրոնին մէջ հիւրերը դիմաւորուեցան Akhaltskha.Net-ի գլխաւոր խմ-բագիր, կեդրոնի գործունէութիւնը համակարգող Էդուարդ Այվազեանի եւ կեդրոնի գործադիր տնօրէն Նանուլի Յակոբեանը:
Հիւրերը ծանօթացան կազմակերպութեան գործունէութեան: Ֆրանսա-Ջաւախք յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Կարապետեանի խօսքերով՝ ինք առաջին անգամ չէ, որ կ՛այցելէ Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կեդրոն եւ շատ հաճելի է անգամ մը եւս հոն գտնուիլը։
