ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացուցած օրինագիծին, որ Սեպտեմբեր 9ին վաւերացուած էր Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանշու Պիլկիչ պնդած է, որ Յունաստանի կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրէնքը՝ «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան հիմը համարուող խօսքի ազատութեան», միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային պատիժ կը սահմանուի Արեւմտեան Թրակիոյ եւ այլ շրջաններու թուրք քաղաքացիներու հասցէին հնչող խտրական եւ ցեղապաշտական գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն դէմ:
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը Սեպտեմբեր 9ին վաւերացուց ցեղասպանութեանց ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, ըստ որուն՝ 6 ամիսէն մինչեւ 3 տարուան բանտարկութիւն եւ 10,000էն 30,000 եուրօ տուգանք պիտի սահմանուի Յունաստանի եւ միջազգային մարմիններու կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած ցեղասպանութիւնները ժխտողներուն նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.