
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ լեռնագնացներու ընկերակցութեան նախաձեռնած ու Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած 100 քիլոմեթր (62.14 մղոն) քայլարշաւ-հեծելարշաւը իրականացնելու ջանքերուն վերջերս միացած են նաեւ Հայկական հեծելարշաւի ընկերակցութիւնն ու բարեսիրական «Hye Riders Motorcycle Club» կազմակերպութիւնը:
Չորսօրեայ քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջը, յարգելու համար յիշատակը 1.5 միլիոն զոհերուն՝ անոնց կտրած մահուան քայլարշաւին մէկ փոքր բաժինը կրկնելով։ Արշաւին մասին նաեւ վաւերագրական ֆիլմ մը պիտի պատրաստուի։
Մասնակիցները ընտրանքը պիտի ունենան ամբողջ ճամբան կտրելու՝ անհատապէս կամ իբրեւ խումբի մը անդամը: Քալողները նաեւ հովանաւորներ պիտի ապահովեն եւ դրամահաւաք պիտի կատարեն, Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած այլ ձեռնարկներ իրագործելու նպատակով:
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս նախաձեռնութեան մասնակցիլ փափաքողներէն շատերը ֆիզիքական պատճառներով կամ ժամանակի սեղմումներու պատճառով կարելիութիւն պիտի չունենան մասնակցելու Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջին նախատեսուած արշաւին, որոշուած է Հոկտեմբեր 19ին, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ, կազմակերպել գինի եւ պանիր համտեսելու ձեռնարկ մը, որ պիտի հանդիսանայ նաեւ արշաւին եւ դրամահաւաքին պաշտօնական մեկնարկը։
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ քայլարշաւին, կրնան այցելել www.facebook.com/100kmtributemarch կայքէջը, կամ դիմել
armenianhikersassociationla@yahoo.com, Aca@armeniancycling.org հասցէներուն ու (818) 434-5952 թիւին:
Կազմակերպիչներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/home.php#!/groups/521538567895715, կամ www.facebook.com/home.php#!/hye.riders?fref=ts կայքէջերը: