ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է սահմանամերձ գիւղերուն մէջ տարուող գործունէութիւնը զերծ կացուցել հարկերէն: Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վախթանգ Միրումեան Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուցած է «Սահմանամերձ գիւղերում գործունէութեան իրականացումը հարկերից ազատելու մասին» օրէնքի նախագիծը եւ յարակից թղթածրարները: Ներկայացնելով օրէնքի նախագիծը՝ Վախթանգ Միրումեան նշած է, որ օրէնսդրական կարգաւորումները ունին երկու ուղղութիւն. առաջին՝ ստեղծել հարկային խթաններ երկրի սահմանամերձ տարածաշրջաններուն մէջ տնտեսական աշխուժութիւնը խթանելու եւ այդպիսով տնտեսական համաչափ զարգացումը ապահովելու համար, երկրորդ՝ վերանայիլ գործող հարկային գործիքները, որպէսզի բաւարար նախապայմաններ ստեղծուին երկրին մէջ ներդրումներու խթանման, տնտեսավարող կառոյցներուն մօտ լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներու ձեւաւորման եւ այդ եղանակով տնտեսական աճի խրախուսման: «Նախատեսւում է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը սահմանի այն սահմանամերձ գիւղական համայնքները, որոնք կ՛օգտուեն օրէնքով նախատեսուած արտօնութիւններից», դիտել տուած է Միրումեան:
Ներկայացնելով օրէնքով նախատեսուած արտօնութիւնները՝ Վախթանգ Միրումեան դիտել տուած է, որ սահմանամերձ տարածաշրջաններուն մէջ կազմակերպուող արտադրական գործունէութենէն եկամուտները եւ արտադրական գործունէութեան շնորհիւ արտադրուած արդիւնքի սպառումը ազատ կը կացուցուի ամէն տեսակի հարկերէ: «Այսինքն՝ եթէ սահմանամերձ տարածաշրջաններում իրականացւում է արտադրական գործունէութիւն, եւ եթէ արտադրական գործունէութեան կազմակերպիչը իրաւաբանական անձ է, ապա ստացուած արտադրանքի իրացումն ազատւում է աւելացուած արժէքի հարկից, եւ տուեալ կազմակերպութիւնն ազատւում է տուեալ գործունէութեան արդիւնքում ստացուած եկամուտներից վճարուելիք շահութահարկից», յայտնած է Վախթանգ Միրումեան:
Ան ընդգծած է, որ եթէ արտադրութեան կազմակերպիչը անհատ ըլլայ թէ ընկերութիւն, արտադրութեան սպառումէն գոյացած եկամուտները ազատ պիտի կացուցուին հարկերէ եւ յաւելեալ արժէքի տուրքէ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ սահմանամերձ շրջանի արտադրութիւնը հանրապետութեան ո՛ր շրջանին մէջ կը վաճառուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.