
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք մտահոգութիւն յայտնած է շփման գիծին վրայ հրադադարի պարբերական խախտումներուն կապակցութեամբ:
Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը նշած է, որ զինադադարի խախտումները բացասաբար կրնան ազդել խաղաղութեան բանակցութեանց վրայ եւ կրնան իրավիճակի լարման ու լարուածութեան սրման առաջնորդել:
«Ես եւ դիտորդական առաքելութեան խումբը կը շարունակենք մեր դիտարկումները շփման գիծին վրայ, իսկ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու գործին աջակցելու ուղղութեամբ», յայտարարած է Քասփըրչիք: