
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի ունենայ իր տարեկան թելեթոնը, որուն պաշտօնական ընդունելութեան՝ կալային համար, մեկնարկի ձեռնարկ կազմակերպուած էր Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ: Պատուոյ հիւրն էր Արցախի փոխվարչապետ զօր. Արթիւր Աղաբէկեան:
Ներկայ էին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Նշենք, որ հիմնադրամի տարեկան կալա-ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 23ին։
Մեկնարկի ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ պաշտօնական եւ ներկայացուցչական դէմքեր: Խօսք առին զօր. Ա. Աղաբէկեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպեր Աւետիսեան, «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարիչ Սարգիս Գոթանճեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան: