ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «News.ru» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Իրանի իշխանութիւնները սկսած են քաղաքացիները նախապատրաստելու Իրանի գերագոյն հոգեւոր նոր պետի մը ընտրութեան, եւ Իրանի մէջ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի առողջական վիճակին մասին լուրերը դարձած են տեղեկատուութեան հիմնական նիւթերէն մէկը:
Պատկերասփիւռը կը ցուցադրէ երկրի ղեկավարները, որոնք հիւանդանոցին մէջ կ՛այցելեն Խամենէիին: Ղեկավարներու շարքին են Իրանի ներկայ եւ նախկին նախագահները, հոգեւորականութեան, քաղաքական, զինուորական եւ դատական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ: Կը հաղորդուի, որ Սեպտեմբերի սկիզբը, 75ամեայ Խամենէին ենթարկուած է շագանակագեղձի վիրահատութեան, որ յաջող անցած է, սակայն անկէ ետք անոր առողջական վիճակը վատթարացած է։
Փորձագէտներ համակարծիք են, որ Իրանի Իսլամական հանրապետութիւնը կանգնած է իր պատմութեան մէջ գերագոյն հոգեւոր պետի երկրորդ փոփոխութեան առջեւ։
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը կ՛ընտրուի Փորձագէտներու խորհուրդին կողմէ, որուն ղեկավարը՝ 83ամեայ Ռեզա Քանին, Յունիսէն ի վեր մահաքունի մէջ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.