
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Բայց արդեօք միայն Կիրակի օրե՞րն են հայուն «հեւք»ը… Երեւի շաբթուան բոլոր օրերը, բայց այս «հեւք»ը ապրեցայ, երբ Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին ամբողջ օր մը անցուցի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Տալաս, Միացեալ Նահանգներ:
Եւ Կիրակի օրուան մը հեւքն էր, զոր հայկական փոքր գաղութը կ՛ուզէ իւրաքանչիւր վայրկեան լաւապէս «ապրիլ», որպէսզի օգտակար արդիւնք ունենայ՝ ըլլա՛յ անհատական, բայց մանաւա՛նդ հաւաքական կեանքերուն համար: Ամերիկայի մէջ, եւ երեւի քիչ մը ամէն տեղ, այս օրերուն խճողուած յայտագիրները եւ առօրեայ կեանքի պահանջները առիթ չեն տար, որ մարդ մտածէ ինքն իր մասին, բայց նաեւ՝ իր մշակոյթին, լեզուին ու հաւատքին:
«Հայութիւնը կ՛ուզեմ պահել իմ հոգեւոր ծառայութեանս միջոցով»:
Ղեւոնդ քահանայ Աճամեանը հոգեւոր հովիւն է Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ: Հազիւ երեսուն տարիքը բոլորած է, բայց արդէն մեծ նուիրումով լծուած է իր գաղութի հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան։ Օհայօ ծնած է՝ իտալացի մօրմէ եւ հայ հօրմէ։ Մօր քաջալերանքը մեծ եղած է զայն հոգեւոր ծառայութեան մղելու իմաստով, բայց նաեւ կայ հայկականութիւնը: Իտալացի մայրը համոզումով կառչած է իր ամուսնոյն ազգային ինքնութեան եւ իր զաւակը մղած է այդ ուղղութեամբ, այնքան՝ որ Ղեւոնդ քահանան հպարտութեամբ կ՛ըսէ. «Հայերէնը շատ գեղեցիկ լեզու է…»: Բայց նաեւ՝ «լեզուն կ՛որոշէ մարդուն եւ հաւաքականութեան մշակոյթը եւ կենցաղը»:
Եւ այս համոզմունքով, ան կամաց-կամաց՝ ինքնուս, սորված է հայերէն, բայց նաեւ ամուսնանալով Հայաստանէն հայուհիի մը հետ, կրցած է կազմել հայկական տուն մը, ուր միայն հայերէն կը խօսին…
Տալասի հայ գաղութը կը հաշուէ չորս հարիւր յիսուն ընտանիք: æախջախիչ մեծամասնութիւնը եկած է Միջին Արեւելքէն, նաեւ՝ Թուրքիայէն: Ազգային ինքնութեամբ փխրուն հաւաքականութիւն է, որ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով «հեւքի» մէջ է՝ հայութիւնը պահելու տեսլականով…
Իսկ հեւքը…
«Փորձեցինք շաբաթ օրերը մանուկները եկեղեցի բերել, որպէսզի հայերէն սորվեցնենք: Չյաջողեցանք՝ գործնական պատճառներով»: Բայց այդ «չյաջողիլը» չէ յուսահատեցուցած տէր հայրը եւ ժողովուրդը: «Կիրակի օրերը որոշեցինք զիրենք եկեղեցի բերել՝ թէ՛ հայերէն կը սորվեցնենք եւ թէ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւն»:
Եկեղեցական Ս. պատարագի ժամանակ աւելի քան երեսուն մանուկ-պատանիներ մտան եկեղեցի: Իրենց Կիրակի օրուան դասապահերը ամբողջացնելէ ետք, բոլորն ալ կը մասնակցին եկեղեցական արարողութեան: Բայց ուշագրաւ էր այն, որ Ղեւոնդ քահանան պատարագի ընթացքին հրաւիրեց պզտիկները համախմբուելու խորանին չորս կողմը եւ ծալլապատիկ նստեցնելով զանոնք, սկսաւ խօսելու եւ պատմութին պատմելու: «Յիսուս ալ առակներով խօսեցաւ մարդոց հետ, որպէսզի հասկնան», ըսաւ տէր հայրը՝ շեշտելով. «Պէտք է մանուկները եկեղեցի բերենք, որպէսզի ուրիշ տեղ չերթան: Ու չուշացաւ տէր հօր երիտասարդական խանդավառութեամբ դիպուկ կատակը. «Մենք շատ պաշտօնական ենք: Արժէ քիչ մը փոխել եւ փոխուիլ…»։
Եւ Կիրակին շարունակուեցաւ Տալասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցւոյ մէջ եղողները մեծ անձկութեամբ լսեցին ելոյթս՝ «Քրիստոնեայ համայնքներու իրավիճակը ներկայ Միջին Արեւելքի տագնապներուն ընթացքին» նիւթին մասին: Թէեւ կը լսէին հետաքրքրութեամբ, բայց նաեւ կը տեսնէիր կարօտը եւ մտահոգութիւնը իրենց աչքերուն մէջ: Բայց չէ որ կեանքեր ապրած իւրաքանչիւրը այս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ… Պէյրութը, Հալէպը, Դամասկոսը, Պաղտատը, Պոլիսը ու տակաւին… Երախտապարտ են իրենց ծննդավայրերուն, ուր իրենց ստացած դաստիարակութիւնը այսօր իւրաքանչիւրը ի սպաս կը դնէ իր «նոր գաղութի» յառաջխաղացքին համար: Նոյն սփիւռքահայուն հեւքն է ու այս հեւքին ստեղծած «տագնապը», որ կը շարունակուի եւ երեւի աւելի արագ… բայց նաեւ՝ աշխոյժ:
Հաւաքական ճաշէն ետք կային երգչախումբի եւ պարախումբի փորձերը՝ պատրաստուելու համար վերամուտի գեղարուեստական ու հայկական տոհմիկ երեկոյին: Հետեւեցայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն երգին ու պարին։ Եթէ մէկ կողմէ կար ուրախութիւն, բայց նաեւ՝ հպարտութիւն։ Եւ այս հեւքոտ կեանքը աւելիով կ՛ամրացնէր իրենց մէջ հայուն հպարտութիւնը:
Տէր հայրը հաւատացող է, թէ ազգային ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը հայուն նկարագիրին անբաժանելի մասնիկներն են: «Չես կրնար իրարմէ բաժնել», ըսաւ ան: Բայց նոյնպէս մտահոգ է հայուն «կոտորակուած» վիճակով։ «Պէտք է մտածենք որպէս մէկ միաւոր, երբ կը խօսինք գաղութի մասին»: Եւ Տալասի մէջ ալ, սփիւռքեան մեր միւս գաղութներուն նման, իւրաքանչիւր անհատ կ՛ուզէ կառչիլ իր «նմաններուն», իր նախկին երկրին ինքնութեան եւ կենցաղներուն: Եւ այս ալ հայու «հեւքին» մէկ անբաժան մասն է: Իւրաքանչիւր հայ իր ազգային ինքնութեան հետ կը փնտռէ իր «Պէյրութին հմայքները», «մեր Հալէպը», «Պաղտատի արմաւենիները», «Պոլսոյ Պոսֆորը» եւ տակաւին… Իւրաքանչիւրը տուած է նկարագիր եւ ոճ, որ կերտած է նաեւ նկարագիր եւ մշակոյթ՝ դառնալով իւրաքանչիւր սփիւռքահայուն հոգեհատորը…
Տալասի մէջ, մէկ կողմէ ապրեցայ «հայուն Կիրակի օրուան հեւքը», բայց նաեւ սիրեցի զայն: «Գունաւոր» խճանկար մը, ուր իւրաքանչիւրը իր գոյնով եւ բոյրով՝ գեղեցկութիւն մը կ՛աւելցնէր հայուն համընդհանուր գոյապատկերին մէջ: Բայց այս «հեւքը» նաեւ ապրող է եւ՝ ապրեցնող:
Թէկուզ հեռու՝ այսպէս ըսած աշխարհի մէկ անկիւնը, բայց շարժուն վիճակ մըն է, որ կենդանութիւն կը շնորհէ: Եւ այս կենդանութիւնն է, որ հայը պիտի ապրեցնէ:
Տէր Ղեւոնդ իր երիտասարդական աւիշով եւ ուժով կը սիրէ այս ապրող եւ ապրեցնող վիճակը: «Առաքեալ կը նշանակէ առաջ երթալ յատուկ առաքելութեամբ: Պէտք է հայուն երթալ եւ զինք գտնել ու պահել…»:
Հայուն հեւքն է այս… Առաջ երթալ եւ հայը գտնել, բայց նաեւ՝ պահել… Պահել իր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութեամբ:
Եթէ Տալասի մէջ հեւքի օրը «Կիրակին» է, բայց հայուն հեւքը ամէն օր է եւ ամէն տեղ:
Եւ հայուն «հեւքը» նոյն հայը գտնելն ու պահելն է…