Այս օրերուն Լիբանանի մէջ կը նշուի Պուրճ Համուտի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնադրութեան յիսնամեակը։
Միայն «Սոֆիա»ի շրջանաւարտներուս չի յուզեր մեր դպրոցին հիմնադրութեան յոբելեանը, որովհետեւ հայեցի դիմագծով սերունդներ հասցուցած աւանդական կրթօճախէ մը աւելին է «Սոֆիա Յակոբեան»ը։
Իբրեւ այդպիսին՝ Հայ Դպրոցի սփիւռքեան բնորդին առանձնայատուկ նուաճումներէն մէկն է 50ամեայ Քոլեճը, որուն յոբելեանը կը խանդավառէ ողջ հայութիւնը, մանաւանդ որ «Սոֆիա Յակոբեան»ի շրջանաւարտներուն աշխարհագրական բաշխման քարտէսը ընդգրկուն է համահայկական առումով։ Անոնք ներկայ են գրեթէ մեր բոլոր գաղութներու ազգային-միութենական կեանքին մէջ – նաեւ՝ նոյնինքն հայրենիքի մէջ – եւ իրենց դրոշմը զգալի է ամէնուրեք։
Աւելի՛ն.
Հայապահպանման եւ հայակերտման 50ամեայ օճախի իր առաքելութեամբ եւ անկէ անդին՝ Պուրճ Համուտի մէջ հիմնուած ու գործած ազգային միակ երկրորդական վարժարանը ըլլալով, քոլեճը հիմնական ներդրում եւ ուսանելի աւանդ ունեցած է Պուրճ-համուտեան Ինքնութեան կազմաւորումին ու ճառագայթումին մէջ։
Միայն աշխարհագրական դիրքը կամ կապը չէ, որ Պուրճ-համուտեան Ինքնութեան կենարար օրրանի վերածած է «Սոֆիա Յակոբեան» Քոլեճը։
Աւելի խոր՝ հոգեմտաւոր հարազատութեամբ մը Պուրճ Համուտն ու Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը կապուած են իրարու։ 50ամեայ յոբելեանը առիթ մըն է, որպէսզի ընդհանրապէս հայ ազգային մտածելակերպը ճանչնալու, յղկելու եւ զարգացնելու մեր իմացական որոնումներուն ու առօրեայ մտորումներուն մէջ, մշտանորոգ պահենք գաղափարական կապը ինչպէս մեր արմատները ջրդեղած Հայկական Ինքնութեան կենսատու դասական աղբիւրներուն, նոյնպէս եւ Պուրճ-համուտեան Ինքնութեան նորօրեայ աւանդին հետ…
Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական անել ու մինչեւ մեր օրերը այս կամ այն ձեւով շարունակուող արդէն 40ամեայ պատերազմը, հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս իբրեւ ազգային կիզակէտի պատկերացում չունէր Պուրճ Համուտի մասին, որ պարզապէս Լիբանանեան մայրաքաղաքի ամէնէն հայաշատ թաղամասերէն կամ արուարձանային շրջաններէն մէկն էր։
Ճիշդ է, անցեալ դարու վաթսունականներուն սկիզբը Պուրճ Համուտը արդէն սկսած էր վերածուելու հայաշատ եւ շեշտակիօրէն հայաշունչ, թէեւ տակաւին թրքախօս աւանի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արաբ-ազգայնական եւ համայնավար-խորհրդային ալիքէն խոյս տուած սուրիահայերուս Պէյրութ եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտ ապաստանելով։ Այդուհանդերձ՝ համահայկական ընկալման մէջ, Պուրճ Համուտը դեռ չունէր հայ ազգային ինքնութեան կիզակէտի նշանակութիւն։
Նոյնիսկ 1950ականներուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուրջ ծաւալած հայ քաղաքական ուժերու՝ «Դաշնակցական»ի եւ «Հակադաշնակցական»ի, «հակախորհրդային»ի եւ «Հայաստանասէր»ի բուռն պայքարը, որ յանգեցաւ 1958ին Պէյրութի մէջ «եղբայրասպան ոճիր»ներու ողբերգութեան, ըստ ամենայնի բաւարար չեղաւ, որպէսզի Պուրճ-համուտեան Ինքնութիւնը իր առանձնայատուկ նշանակութիւնը ունենայ հայ քաղաքական միտքի համազգային պատկերացումներուն մէջ։
Պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 1970ականներու կէսը, որպէսզի զուգադիպաբար՝ միաժամանակ յառաջ նետուած Հայ Դատի ուժական պայքարին արդարադատ մարտիկները եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին իսկ ալիքին հետ Պուրճ Համուտը հայ ազգային դիմադրականութեան միջնաբերդի վերածած «Մեր Տղաք»ը, համահայկական մեր պատկերացումներուն մէջ, Երեւանէն ու Թեհրանէն մինչեւ Փարիզ ու Լոս Անճելըս, յանկարծ հիմք ծառայեն Պուրճ Համուտի հայկական միջնաբերդի յայտնագործման, արժեւորման եւ… առասպելականացման։
Բայց Պուրճ Համուտը կար նախապէս ալ, նոյնիսկ 1950ականներէն առաջ սկսած էր Պուրճ-համուտեան Ինքնութեան կայացումը, առանց որ հրապարակ իջնեն մեր ժողովուրդին անուս, տգէտ, բայց ամէնէն հա՛յ զաւակներուն բազկերակը բռնած եւ անոր արտայայտութիւնը դառնալու փառասիրութեամբ շնչող մտաւորականները։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ Բիւզանդ Կռանեան (Չեքիճեան), ՀՕՄի երախտաշատ նուիրեալներէն ընկերուհի Սոֆիա Յակոբեանի յանձնարարութեամբ, եթէ չեմ սխալիր 1963ին, յատուկ առաքելութեամբ այցելեց Աթէնք եւ Պէյրութ, որպէսզի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեաններու բարերարութեամբ Պալքանեան եւ Միջին-Արեւելեան հայրենամերձ ու ամէնէն աշխոյժ զոյգ հայագաղութները օժտէ հայեցի կրթութեան եւ հայապահպանման արդի կառոյցներով…
Պուրճ Համուտի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը (ի դէպ, վաթսունականներուն, ուղղագրականօրէն մենք «Գոլէճ» կը գրէինք մեր դպրոցին անունը) այդպէս ծնունդ առաւ։ Դասարան առ դասարան կազմուեցաւ՝ Պուրճ Համուտի թաղամասերը (Նոր Մարաշն ու Նոր Սիսը, Թրատն ու Արագածը, Կիլիկիան եւ Ամանոսը, Եփրատն ու Թիրոն) սնուցանող ազգային նախակրթարաններէն շրջանաւարտ աշակերտներով։ Յատկապէս առաջին երեք տարիներուն իրարու յաջորդած երեք դասարանները, իրենց աշակերտութեամբ, Պուրճ Համուտի ապագան մարմնաւորող սերունդը կազմաւորեցին, առանց որ մարդ գիտնայ, թէ՝
– Ծնողները ի՜նչ վառ հեռանկարով կը նուիրուէին իրենց զաւակներու ուսումնական ապագային,
– Ուսուցիչները ի՜նչ օրինակելի սերունդ պատրաստելու տեսլականով փարած էին իրենց մանկավարժական առաքելութեամբ, նոյնիսկ եթէ այդ տարիներուն իրենց ասպարէզին մէջ ե՛ւ երիտասարդ, ե՛ւ փայլուն մասնագէտներ էին,
– Մենք պատանի աշակերտներս աշխարհը նուաճելու ինքնավստահութեամբ ճամբայ ելած էինք, թէեւ ո՛չ մեր ծնողները, ո՛չ մեր ուսուցիչները եւ ոչ ալ դպրոցը շարունակելու հնարաւորութենէն զրկուած նախակրթարանի մեր դասընկերները կրնային զգալ, թէ ինչպիսի՜ աշխարհ մը կը բացուէր բոլոր պուրճ-համուտցիներուս առջեւ՝ «Սոֆիա Յակոբեան»ի դռներուն բացուելով…
Համեստ, այլեւ աղքատ պայմաններու մէջ հպարտութեամբ ապրող Պուրճ Համուտը, Սոֆիա Յակոբեան քոլեճով, հիմը դրաւ դէպի աղբիւրը յաղթահասակ քալելու հայու իր ուսումնատենչութեան։
Իսկ մեր սերունդները սնանեցան Պուրճ Համուտի պրիսմակով աշխարհը դիտելու եւ նուաճելու, այլեւ՝ նոր ժամանակներու ոգիով Պուրճ Համուտը աշխարհի կեդրոնը դարձնելու մոլեռանդութեամբ։
Պարզորոշ է, յօդուածի մը սահմաններուն մէջ, թէ՛ յուշագրութեան եւ թէ գաղափարական խորացման իմաստով, հնարաւոր չէ ընթերցողին հետաքրքրութիւնն ու համբերութիւնը չարաչար գործածել։
Չափի զգացողութիւնը միշտ ալ պէտք է յարգուի։
Ընթերցողին կարելի չէ շատ ճնշել։
Բայց Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի 50ամեակին նուիրուած իմացական դեգերումներու այս վերյիշման պահուն, նաեւ յանդգնութիւնը պէտք է ունենալ մոռցուած ճշմարտութեանց տէր կանգնելու։
Մոռցուած ճշմարտութիւն է եւ մեր դպրոցին մէջ կազմաւորուած բոլոր շրջանաւարտներս գիտենք, նաեւ իւրաքանչիւրիս պարտքն է վկայել, թէ Պուրճ Համուտի սովորական, նաեւ ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ կառուցուած Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը լուսաւորեց Պուրճ Համուտը։
Մեր դպրոցը չէր կրնար եւ չկրցաւ ըլլալ Ճեմարան։ Մեր դպրոցը չեղաւ ձեռակերտը Աղբալեաններու եւ Շանթերու, Վրացեաններու եւ Սասունիներու։
Բայց Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը կրկնակի իմաստով դարձաւ Պուրճ-համուտեան հնոցը վերականգնած հայութեան, որ՝
– Ցեղասպան թուրք պետութեան գործադրած ահաւոր հայաջնջումին պատասխանեց, մեծ ոճիրէն յիսուն տարի ետք, ազգային-ազատագրական պայքար շղթայազերծելու ուխտով ահագնացած հերոսատիպ հայորդիներով։
– Խորհրդային ամբողջատիրութեան տակ շնչահեղձ դարձած հայրենի հայութեան ներշնչեց ոգեշնչող օրինակը – աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ – ազգային մեր իրաւունքին եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնող հայկական ուժին։
Չէ՛, պէտք չէ սխալ հասկնալ, միայն Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին չի պատկանիր պատիւը հայ ազգային մտածելակերպի յեղափոխաշունչ վերանորոգումին։
Բայց յիսնամեայ այս դպրոցին բախտը բերաւ, որ՝
Նախ՝ հիմնուեցաւ Եղեռնի յիսնամեակի օրերուն, երբ Երեւանէն մինչեւ Սիտնի, հայու բեկորները իրենց նահատակներուն կտակը նորովի՝ յարատեւ կռուի ուխտի կը վերածէին։
Ապա՝ հիմնուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ, ուր Եղեռնէն վերապրած հայութեան սփիւռքածին սերունդը աշխարհին չէր նայեր իբրեւ նպաստի կարօտ կամ աղերսարկու փոքրամասնութիւն, այլ՝ արեւուն տակ յաղթահասակ հայու հպարտութեա՛մբ կանգնած, ինքնավստա՛հ եւ արժանաւո՛ր ազգային ածու։
Մեր դպրոցին յիսնամեակէն ներշնչուած այս մտածումները կ՛ողողեն միտքս այնպիսի՛ պահու մը, երբ Երեւանի մէջ եմ կրկին, եօթը տարուան կամաւոր աքսորէ մը ետք։ Պահուան կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ յիսուն տարի առաջուան Պուրճ Համուտն ու այսօրուան Երեւանը ընդհանուր նոյն յայտարարը ունին։
Երկուքն ալ աշխարհին ազատօրէն բացուելու եւ սեփական զաւակները աշխարհին առջեւ ինքնավստահութեամբ ոտքի հանելու հաստատակամութիւնը ունին։
1960ականներու Պուրճ Համուտը միակ դրամագլուխ մը ունէր, որ Եղեռնէն վերապրած հայու իր ինքնավտահութիւնն ու արժանաւորութիւնն էր, մանաւանդ՝ դաշնակցականի՛ մարտունակութիւնը։ Իսկ 2010ականներու Երեւանը միեւնոյն հայու ինքնավստահութենէն եւ երեւանցիի ձեռներէցութենէն աւելի ազդու զէնք չունի, որպէսզի տայ իր նորահաս սերունդին, որպէսզի մեր վաղուան տղաքը տոկան աշխարհի չորս ծագերէն յայտնուող մրցակիցներու ճնշումին։
Սոֆիա Յակոբեան քոլեճով Պուրճ Համուտը հայեցի իր Ինքնութեան հաշւոյն ապահովեց արդիական շունչ, ազգային որակ եւ արժանաւորութեան թռիչք։
Յիսնամեայ այդ աւանդէն օրինակ առնելու ամէն պատճառ ունին աշխարհի չորս ծագերուն հայ սերունդ պատրաստող մեր դպրոցները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.