ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ Կիրակի, Նոյեմբեր 16ին, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՔՀԵՄ) կազմակերպութեամբ, միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շիրակ Խոճայեանի նոր պատրաստած «Իմ Կեանքը» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը:
«Իմ Կեանք»ը հիմնուած է յայտնի երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի կենսագրութեան վրայ եւ պատրաստուած է անոր ծննդեան 90րդ տարեդարձին առթիւ:
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուեցաւ ՔՀԵՄի գրական խմբակին կողմէ:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ, գրական խմբակի անդամներէն Այտա Յովասափեան ներկայացուց Յովհաննէս Պատալեանը, անդրադառնալով անոր տաղանդին եւ վաստակին՝ հայ երգարուեստի մարզին մէջ:
Ցուցադրութեան ներկայ էին ՔՀԵՄի ատենապետ Արա Մարտիրոսեան, ՔՀԵՄի գրական խմբակի անդամներ, Յովհաննէս Պատալեանի ազգականներէն՝ Աննան, Սոնան, տէր եւ տիկին Միքայէլ Պատալեանը, Ճասիկ æառահեանը, տէր եւ տիկին Կարէն Պենիասեանը, ինչպէս նաեւ ՔՀԵՄի եւ ՀՕՄի բազմաթիւ անդամներ:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ բեմադրիչ Շիրակ Խոճայեան, որ իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ կազմակերպիչ ՔՀԵՄի յանձնախումբին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.