
ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Առաջին անգամ ըլլալով, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) եւ «Հայկազեան» համալսարանը միասնաբար կազմակերպեցին ճաշկերոյթ մը՝ ի նպաստ զոյգ հաստատութիւններուն:
Ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 15ին, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, նաեւ յարգանքի երեկոյ մըն էր՝ նուիրուած երկու յարգելի անձնաւորութիւններու՝ դոկտ. Միհրան Աղպապեանի եւ իրաւաբան Ճորճ Ֆիլիփսի, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են այս զոյգ հաստատութիւններուն մէջ: Անոնք եղած են ԱՀԱԸի եւ «Հայկազեան»ի վարչական խորհուրդներու անդամներ:
Ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետներ Ճոյս Ապտուլեան եւ Գէն Գէորգեան, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸի արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան, որոնք ծրագրած էին հաճելի յայտագիր մը, իրենց յարգանքի խօսքը յայտնեցին երկու պատուոյ հիւրերուն եւ անդրադարձան զոյգ հաստատութիւններու առաքելութեան:
Ճաշկերոյթի բացման աղօթքը մատուցեց «Հայկազեան» համալսարանի նախկին նախագահ վեր. դոկտ. Ճան Խանճեան:
Սաւի Թիւֆէնքեան ներկայացուց դոկտ. Աղպապեանը՝ ընդգծելով անոր հսկայ աշխատանքը Հայաստանի օգնութեան գծով, 1988ի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Դոկտ. Աղպապեան, շրջանաւարտ է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, «Cal Tech» եւ «UC Berkley» համալսարաններէն. ան համաշխարհային ճանաչում ունի երկրաշարժի ճարտարագիտութեան դաշտին մէջ եւ հիմնադիր նախագահն է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին: Ան արժանացած է «Էլիս Այլընտ» (Ellis Island) շքանշանին եւ նախկին ատենապետն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) կաճառին ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸի վարչական խորհուրդին։
Անդրադառնալով իրաւաբան Ֆիլիփսի եւ իր միասնական աշխատանքներուն՝ ի նպաստ տարբեր հաստատութիւններու, Աղպապեան ըսաւ. «Երախտապարտ եմ Աստուծոյ՝ ինծի ընծայուած ծառայութեան առիթներուն համար»:
Ճոյս Փիլիպոսեան-Սթայն նկարագրեց իրաւաբան Ֆիլիփսը, որպէս վստահելի բարեկամ եւ խորհրդատու՝ համոզում յայտնելով, որ անոր գործունէութիւնները պիտի շարունակեն ըլլալ պտղաբեր: Ֆիլիփս շրջանաւարտ է UCLA համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն, հիմնադիրն է Լոս Անճելըսի ամենահին հայ իրաւաբանական հաստատութիւններէն մէկուն եւ հաւատացող մը՝ կրթութեան եւ ուսման: Ան ընտրուած է Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի, ինչպէս նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Տարուան Պատուոյ Անձ»ը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին իր մատուցած ծառայութեանց համար:
Ֆիլիփս բարձր գնահատեց ԱՀԱԸը եւ «Հայկազեան» համալսարանը, որոնք հաւատարմօրէն կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը՝ հիմնուած քրիստոնէական հաւատքին վրայ, եւ շեշտեց, թէ իւրաքանչիւր անձ կրնայ փոփոխութիւն մը յառաջացնել իր աշխատանքով:
Յայտագիրին ընթացքին մեծարեալներու կենսագրութիւնը ներկայացնող կարճ տեսաերիզներ ներկայացուեցան:
ԱՀԱԸի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան իրենց պատգամը փոխանցեցին 400է աւելի ներկաներուն: Խանճեան ողջունեց դոկտ. Աղպապեանը եւ իրաւաբան Ֆիլիփսը, «որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ծառայած են Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան»։ Ան աւելցուց. «Կը խոնարհինք իրենց ծառայութեան ոգիին առջեւ եւ զիրենք կը դնենք պատուոյ պատուանդանի մը վրայ, իբրեւ օրինակ մեր բոլորին»: Ան յիշեց նաեւ իր ընտանիքի ճամբորդութիւնը՝ Միջին Արեւելքէն Միացեալ Նահանգներ, որպէս հետեւանք Միջինք Արեւելքի քաղաքական կացութեան, ու մեծ կարեկցութեամբ խօսեցաւ ԱՀԱԸի եւ անոր փրկարար գործունէութեան մասին:
Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան, անդրադառնալով մեծարուող անձերուն՝ շեշտեց աշխարհին համար դրական օրինակ ըլլալու կարեւորութիւնը: Ան «Հայկազեան» համալսարանը դասեց որպէս «եզակի կառուցողականութիւն ունեցող հաստատութիւն» մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Աղպապեանին, իրաւաբան Ֆիլիփսին եւ բոլոր ներկաներուն՝ «Հայկազեան» համալսարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Տպուած յայտագիրներուն մէջ կային մեծարեալներու կենսագրական գիծերը, շնորհաւորական խօսքեր՝ ճաշկերոյթի յանձնախումբի զոյգ ատենապետներէն, ԱՀԱԸի նախագահ դոկտ. Ճօ Զէրօնեանէն, «Հայկազեան»ի վարչական խորհուրդի նախագահ տոքթ. Անի Տարագճեանէն, ինչպէս նաեւ՝ «Սթիւըն Փիլիպոսեան» հիմնարկի խորհուրդէն. կային նաեւ նուիրատուներու եւ յանձնախումբի անդամներու ցանկերը:
Երաժշտական յայտագիրով հանդէս եկաւ երգչուհի Ճիւլիա Մեցլըր, Վիքթորիա Սիմոնեանի ընկերակցութեամբ (դաշնակ), իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգները հրամցուեցան Ռաֆֆի Գերպապեանի կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու հայ աւետարանական միութեան նախագահ վեր. Ռան Թովմասեան, յանուն միութեան՝ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց: Ապա խօսք առաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ ձեռնարկէն միայն քանի մը ժամ առաջ ժամանած էր Հայաստանէն: Արեւմտեան թեմի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ ան շնորհաւորեց դոկտ. Աղպապեանը եւ Ֆիլիփսը՝ իրենց ընծայուած այս պատիւին համար, եւ բարձր գնահատեց այս զոյգ հաստատութիւններուն մատուցած ծառայութիւնները՝ հայ ազգին:
Յատուկ պատուոգիրներ ներկայացուեցան դոկտ. Աղպապեանի եւ իրաւաբան Ֆիլիփսի, որոնց կողակիցները՝ Էլիզապէթ եւ Սիւզի, հիմնադիր անդամներ են «Հայկազեան» համալսարանի Լոս Անճելըսի տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ ԱՀԱԸի Մանուկներու եւ որբերու յանձնախումբին, ուր կը շարունակեն ծառայել մինչեւ այսօր:
Ճաշկերոյթէն գոյացող աւելի քան 400,000 տոլարի հասոյթը պիտի յատկացուի աւետարանչական եւ կրթական բարենպատակ ծրագիրներու:
ԱՀԱԸ հիմնուած 1918ին, միշտ կատարած է գերազանց աշխատանք իր աշխարհատարած գործունէութեանց ընդմէջէն, որոնց կարգին են «Հայկազեան» համալսարանը, Հայաստանի «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» վարժարանն ու համայնքային կեդրոնը:
«Հայկազեան» համալսարանը հիմնուած 1955ին, եւ կը հրամցնէ տարբեր դասանիւթեր՝ տասնեակ մը մասնագիտութիւններու մէջ: Համալսարանէն շրջանաւարտներ կը վկայուին պսակաւոր եւ մագիստրոս աստիճանի տիտղոսներով: Համալսարանը, միշտ հաւատալով, որ ուսումը երբեք վերջ չունի՝ կը հրամցնէ նաեւ դասընթացքներ իր «Շարունակական կրթութիւն» կեդրոնին միջոցով: