Շաբաթ, 29 Նոյեմբերին, Վանքուվըրի մէջ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 124րդ ամեակը: Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէութեան, ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան (ՔՊՄ) «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի հայութիւնը հաւաքուած էր Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս, ներկայ գտնուելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան:
Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն: ՀՅԴ ՔԵՄի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Բալիկ Քէօշկերեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ ԳՊՄ «Քրիստափոր Միքայէլեան» մասնաճիւղի պատանիներէն բաղկացած քառեակ մը, որ ներկաներուն հրամցուց փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր:
Յաջորդաբար ներկայացուեցան «Արծիւ, սլացիր», «Գետաշէն», «Մարտիկի երգը» եւ «Կիլիկիա» երգերը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ՀՅԴ ՔԵՄի ընկերներուն կողմէ պատրաստուած «Հիմի էլ լռենք» իւրայատուկ կենդանի պատկերով, որ կը բաղկանար տեսաերիզի ցուցադրութեան ընկերակցութեամբ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բանաստեղծական տողերէ եւ յեղափոխաշունչ լօզունգներէ։
Օրուան խօսքը փոխանցեց Հալէպէն վերջերս Քանատա տեղափոխուած տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեանը: Բանախօսը յիշեց, թէ ՀՅԴ օրուան տօնակատարութիւնը ինքնին կը համարուի հաւաքական կազմակերպական հաշուետուութեան օր եւ իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար ուխտի վերանորոգման օր: Բանախօսը նաեւ ՀՅԴ պատմութիւնը ամփոփեց չորս հիմնական հանգրուաններու մէջ՝ Ազգային ազատագրական պայքարի շրջանը՝ 1890էն մինչեւ 1918, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանը՝ սկսած Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը, Սփիւռքի կազմաւորման եւ կազմապերպման շրջանը եւ դաշնակցութեան վերահաստատումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: «1990էն ետք, Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան մէջ Դաշնակցութիւնը բացայայտեց իր ներկայութիւնը եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները դրաւ իրերայաջորդ ընտրուած կառավարութիւններու տրամադրութեան տակ: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ գործեց Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, երկրի ժողովրդավար կարգերու հաստատման յստակ ուղղուածութեամբ». ըսաւ Պէպէճեան:
Բանախօսը անդրադառնալով ՀՅԴ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նշեց, որ դաշնակցութիւնը 80ականներու սկիզբը հիմքը դրաւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կառոյցին, քաջ գիտակցելով, թէ նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւնն ու կազմակերպումը համազօր է ազգի կազմակերպման:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն բոլոր խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնց առջեւ կանգնած են Հայաստանն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այսօր, ու իր խօսքը փակեց հետեւեալ տողերով. «Ինչ ալ ըլլան պայմանները, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք ունին դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական արժէքներուն, յստակատեսութեան եւ Դաշնակցականի անշահախնդիր նուիրումին ու զոհողութեան: Անցնող 124 տարիներուն ընթացքին, ամէն անգամ որ հայ ժողովուրդը իր ճակատագիրը յանձնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՅԴն երբեք յուսախաբ չէ ըրած զինք: Հայոց արդի պատմութեան մէջ, հայ ժողովուրդը ՀՅԴին հաւատացած եւ վստահեցած է իր պատմութեան ամենաաղէտալի պահերուն: ՀՅԴի պատմութիւնն ու նուաճումները վկան են, եւ ինծի իրաւունքը կու տան այս բեմէն յիշեցնելու, թէ այդ բոլոր պահերուն ՀՅԴն հայութեան համար մահը յաղթահարելու աստուածային շնորհք եղաւ, ապրելու պայծառ տեսլական հանդիսացաւ, ազատութեան եւ արդարութեան ջահակիրը սեպուեցաւ: Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը դաշնակցութեան հաւատայ, ՀՅԴն հայութեան հաւատքով այնքան պիտի ապրի, պիտի գործէ եւ իր ամենաընտիր զաւակները զոհելով պիտի գոյատեւէ ու հայ ազգին պիտի առաջնորդէ դէպի ազատութիւն եւ արդարութիւն: Հաստատ կ՛ըսեմ ձեզի, թէ արդարը հաւատքէն պիտի ապրի, պէտք է հաւատանք դաշնակցութեան յանուն ազգի գոյատեւման եւ զարգացման: ՀՅԴն իր ազգային անկախ եւ ինքնուրոյն ուղուածութեամբ երբեք յուսախաբ պիտի չընէ հայ ժողովուրդը, անոր հպարտանքի աղբիւրը պիտի հանդիսանայ եւ պիտի կառուցէ հայութեան երազած ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:
Բանախօսութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւ հայր Հրանդ Թահանեանը, որ շնորհաւորեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան 124ամեակի կապակցութեամբ եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց իր ազգային նուիրական աշխատանքին ու ապա կատարեց սեղանօրհնէքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.