– Մինչ ամերիկացիներուն 62 տոկոսը համաձայն է «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ամերիկեան ռազմական գործողութեանց, անոնց 68 տոկոսը յոյս չունի, որ այդ գործողութիւնները յաջողութեամբ պիտի պսակուին։
– Դժուարացնելու համար «Իսլամական պետութիւն» կամ նման ահաբեկչական կազմակերպութեանց միանալու եգիպտացիներու ջանքերը, Գահիրէ սահմանափակումներ դրած է 18էն 40 տարիքի միջեւ երիտասարդներու Թուրքիա եւ Լիպիա այցելութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ այս երկիրները ծայրայեղական խմբաւորումներու անդամագրուողներու գլխաւոր ուղիներուն վրայ կը գտնուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.