ՊԱՔՈՒ.- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ 2015ին քարիւղի արտադրութեան առնուազն 2.5 առ հարիւրով անկում կ՛ակնկալուի։
Անկումին գլխաւոր պատճառը «Պրիթիշ Փեթրոլիում» («Պի.Փի.») ընկերութեան կողմէ շահագործուող քարիւղի հանքերուն մէջ արդիւնաբերութեան անկումը պիտի ըլլայ: Կը նշուի, որ հիմնական «Ազերի», «Շիրաք» եւ «Կիւնեշլի» հանքերուն մէջ քարիւղի արտահանման անկումը քանի մը տարիէ ի վեր կը մտահոգէ Պաքուն:
Բրիտանական ընկերութիւնն ու ատրպէյճանական պետական «Սոքար» ընկերութիւնը փորձած են մեղմացնել այդ մտահոգութիւնը՝ անցեալ տարի յայտարարելով, որ քարիւղի արտահանումը կայունացած է:
Անցեալ տարի, 2011էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով քարիւղի ընդհանուր արտադրութեան աճ արձանագրուած էր:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ այս տարի Ատրպէյճանի մէջ 41.65 միլիոն թոն քարիւղի արդիւնաբերութիւն կ՛ակնկալուի, սակայն 2015էն ետք կը նախատեսուի անկում մը, որ 2018ին 39.32 միլիոն թոնի պիտի իջեցնէ արտադրուած քարիւղին ընդհանուր ծաւալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.