ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Գերմանիոյ Քէօլն համալսարանին մէջ կազմակերպուած է համաժողով մը՝ «Ցեղասպանութիւն, արդարարութիւն, առերեսում. 1915էն մինչեւ Սինճար» խորագիրը:
«Հայթերթ»ին համաձայն՝ համաժողովին ընթացքին կոչ եղած է Թուրքիոյ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առերեսուի:
Համաժողովը իրականացուած է Եւրոպայի Խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան խորուհրդի նախաձեռնութեամբ:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ հատորներ հրատարակած է: Ան իր ելոյթը սկսած է՝ պատմելով Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ու նշած է. «Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար ծածուկ պահել Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Քիւրտերը եւս մեղսակից էին, սակայն իսկական պատասխանատուն Թուրքիան է»:
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը քրիստոնեաներու՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւն էր, զոր կարելի է անուանել «ճիհատ», նման այն սպանդներուն, որոնք այժմ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ մէջ:
«Հայկական Հարցին մասին գրող շարք մը լրագրողներ ու մտաւորականներ այժմ կը քննադատուին եւ սպառնալիքներ կը ստանան: Այս բոլորը ծրագրուած արշաւի մը մաս կը կազմեն: Նախագահ Էրտողան կը շարունակէ սպանդները ցեղասպանութիւն չկոչելու քաղաքականութիւնը», ըսած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.