Շատ սիրելի հայ ժողովուրդ,
Կանխայայտ շնորհաւորանքներ բոլորին ու բարի Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ, Հայաստանեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ:
Հայաստանի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, պատերազմական, կրօնական, աղքատութեան, մենատիրութեան եւ դեռ ահագին այլ խնդիրներ լուծելու մէկ կարեւոր միջոցն է գիտութեան եւ (ճարտարարուեստի) տեխնոլոգիայի զարգացման ուժ տալը: Գիտութիւնը եւ բարձր տեխնոլոգիաները այն ոլորտներն են, որոնք Հայաստանի մէջ մեծ կարելիութիւն ունին զարգանալու եւ տնտեսութեան նպաստելու, նորարարութեան զարկ տալու, նոր արտադրանքներ ստեղծելու եւ շուկայնացնելու, ինչպէս նաեւ նոր եւ բարձր մակարդակի գործեր ստեղծելու առումով:
«ԱՐՓԱ» ինստիտուտը այն հազուագիւտ կազմակերպութիւններէն է, որ կը փորձէ օգտակար ըլլալ այդ կարեւոր բնագաւարներու զարգացման գործին, կառավարութեան, համալսարաններուն եւ Ազգային ակադեմիային միջոցով (գրեթէ միւս բոլոր կազմակերպութիւնները միայն բարեսիրական օգնութիւն կը տրամադրեն Հայաստանի): Ահաւասիկ «Մոլեկուլար» Կենսաբանութեան ինստիտուտի հետ գործակցելով՝ «ԱՐՓԱ»ն կը փորձէ կենետիկայի բնագաւառը զարգացնել եւ ցարդ լաւ հունի մէջ է այդ ծրագիրը: Արդէն «սիքուէնսինկ»ի գործողութիւնը սկսած է եւ մօտ ատենէն իրական հետազօտութիւններու պիտի ձեռնարկուին: Նաեւ, Փոլիտեխնիկ համալսարանին հետ ուժանիւթի խնայողութեան եւ արդիւնաւէտ օգտագործման լապարատորիա (տարրալուծարան) ստեղծելու ծրագիր կը հետապնդէ «ԱՐՓԱ»ն, եւ արդէն քանի մը ամիսներէ ի վեր ժողովուրդին (Ձեզի) դիմելով՝ կը փորձէ քանի մը տոլար հաւաքելով գիտութեան եւ հետազօտութիւններ կատարելու համար կարեւոր սարք մը գնել: Դժուարութեան կը հանդիպինք քսանմէկ հազար տոլար հաւաքելու առումով: Անհաւատալի՝ բայց իրա՛ւ:
Ժողովուրդ սիրելի, Հայաստանը պիտի կորսնցնէ իր անկախ-ազատ վիճակը, եթէ չսատարենք անոր հիմնական կարիքներուն: Այո՛, աղքատներուն եւ հիւանդներուն օգնելը կարեւոր է, սակայն տնտեսութեան նպաստելը եւ գործի կարելիութիւններ ստեղծելը աւելի՛ կարեւոր են, հաւատացէ՛ք:
Ուստի, եկէք ու միացէք մեզի եւ սատարեցէք Հայաստանի գիտութեան զարգացման՝ ձեր առատաձեռն նուէրներով:
Մեր խնդրանքն է՝ ձեր նուիրատուութեամբ օգնել, լրացնելու համար անհրաժեշտ գումարը: Բոլորէդ կը խնդրենք մասնակցիլ նուազագոյնը 50 տոլարի չափով: Հաճեցէ՛ք սեղմել հետեւեալ հասցէին վրայ եւ ապա՝ DONATE կոճակին վրայ.
ARPA Institute-ի կայքէջը՝ http://www.arpainstitute.org։
Կամ՝ ուղարկեցէք ձեր չէքերը՝ գրուած ARPA Institute անունով, հետեւեալ հասցէին.
Attn: Mr. Harold Avedis Demirjian
13100 Addison St.
Sherman Oaks, CA 91423
Խորին շնորհակալութիւն՝
ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.