
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Դամասկոսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90ամեակի տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Պասմաճեանի եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Հակառակ տիրող ապահովական իրավիճակին եւ անձրեւին՝ «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հաւաքուած էին ՀՄԸՄի ընտանիքի անդամներն ու ծնողները:
Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներէն ետք վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Աւօ Աճէմեան, որ ըսաւ. «90 տարի ջղուտ տղաք տողանցեցին, 90 անգամ բաժակ ու մետալ մտաւ մեր տունը: Մեր միութիւնը եղաւ բարութեան, հաւատարմութեան, հնազանդութեան, մեծարանքի միութիւն: Ողջո՛յն ՀՄԸՄի 90ամեայ կայտառ բանակին, անոր մարզիկին, արծուեբիբ նայուածքին, դրօշին ու երդումին, ողջո՛յն միութեան եւ միութենականութեան»:
Սկաուտական խորհուրդին խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Հայրապետ Գարակէօզեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի պատմականին եւ թուային մանրամասնութիւններ տալով՝ ներկայացուց աշխարհի վրայ տարածուած ըլլալուն հանգամանքը:
Նուագով եւ երգով գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Սէրլի Խաճարեան, Արթիկ Երէցեան, Ռիթա Քալամքերեան, Սարին Գաթքլեան, Վերժին Ապաճեան, Քարոլ Արիսեան եւ Լեւոն Տէմիրճեան, իսկ խումբ մը արենուշներ տարբեր ձեւի բուրգեր ներկայացուցին:
Տօնակատարութեան ընթացքին 25 արի-արենուշներու երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ եւ գայլիկական շարքերէն փոխանցուեցան դէպի սկաուտական շարքերը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Սօսի Յովսէփեան-Քիւրտեան, որ պատմական ակնարկով ներկայացուց Դամասկոսի մէջ մասնաճիւղի կազմութիւնը 1924ի վերջաւորութեան, Լ. Ագբարեանի ներկայութեամբ: Ան անդրադարձաւ սկզբնական շրջանին կազմուած մարզական մարմիններուն՝ ֆութպոլի եւ աղջիկներու պասքեթպոլի խումբերու կազմութեան, եւ այդ պայմաններուն մէջ տարուած գործունէութեան:
Քիւրտեան շեշտեց, որ 1930-1950 եղած է բեղուն շրջան՝ մարզական գետնի վրայ, իսկ 1947ին սկաուտական շարժումը կը զարգանայ Տիգրան Ոսկերիչեանի ջանքերով: Ան խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Յարգա՛նք յիշատակին ՀՄԸՄականներուն, որոնք երկարաշունչ կերպով պահեցին Դամասկոսի գաղութն ու միութիւնը, յիշելով մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր»:
Նշենք, որ ներկաները ըմբոշխնեցին նաեւ անցեալն ու ներկան կապող ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած էին Դամասկոսի մասնաճիւղի հրատարակութիւններ, լուսանկարներ, յուշանուէրներ եւ տարազներ: Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, Նահատակ» քայլերգով: