
ԵՐԵՒԱՆ, «Արարատ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ նախարարութեան ղեկավար կազմի եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայակազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ 8 Յունուարին ձմեռնային զօրակոչի մեկնարկին առիթով այցելած է Հանրապետական Կենտրոնական հաւաքակայան՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու 2015ի ձմեռնային զօրակոչի ծիրին մէջ տարուող աշխատանքներուն։
Պաշտպանութեան նախարարը նախ զրուցած է իրենց որդիները ճամբելու եկած ծնողներուն հետ եւ հաստատած, որ զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ զօրակոչի գործընթացը պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու, թափանցիկութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս անառողջ երիտասարդներուն զօրակոչը բացառելու համար: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը պատասխանած է նաեւ զօրակոչիկներուն ծնողներուն եւ հարազատներուն հարցումներուն:
Նախարարը հետաքրքրուած է ազգային բանակ զօրակոչուող երիտասարդներուն տրամադրուածութեամբ, անոնց առողջական վիճակով, ֆիզիքական պատրաստուածութեամբ, մասնագիտական ու կրթական ունակութիւններով, զօրակոչիկիներուն մաղթած է խաղաղ եւ անվտանգ ծառայութիւն: Սէյրան Օհանեան հետեւած է նաեւ հաւաքակայանին մէջ տեղի ունեցող բժշկական քննութեան գործընթացին եւ զրուցած բժշկական անձնակազմին հետ։
Հաւաքակայանի աշխատակիցներուն եւ զօրակոչային հարցերով զբաղող մարմիններու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալէ ետք պաշտպանութեան նախարարը ներկայ եղած է վիճակահանութեան գործընթացին:
Այցելութեան աւարտին պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Կարեւոր նկատելով արդարութեան եւ օրինականութեան մթնոլորտին մէջ զօրակոչի կազմակերպման գործընթացի շարունակականութիւնը՝ նախարար Օհանեան հաստատած է, որ զօրակոչէ զօրակոչ իրականացուող աշխատանքները որակապէս կը բարելաւուին բոլոր ուղղութիւններով, նաեւ նորութիւններ կը բերուին: «Հերթական զօրակոչի նորամուծութիւններից մէկն էլ այն է, որ զօրակոչիկները զօրահաւաքակայանում այլեւս բժշկական պատուաստումներ չեն անցնում: Դրանք իրականացւում են նախքան զօրակոչը՝ քաղաքացիական բուժհիմնարկներում կամ զօրակոչի աւարտից յետոյ՝ արդէն այն զօրամասում, որտեղ երիտասարդն անցնում է ծառայութեան», յայտնած է նախարարը։